ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի կոչը աջակցելու Սուրիացի փախստականներուն իրենց տուները վերադառնալու համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակ շտապ կոչ յղեց միջազգային հանրութեան բազմապատկելու ֆինանսական աջակցութիւնն ու ներդրումները՝ վերջին 14 տարիներուն տեղահանուած միլիոնաւոր սուրիացիներուն ճգնաժամը լուծելու համար։
Ճգնաժամի հրատապութիւնն ու ՄԱԿ-ի կոչը
ՄԱԿ-ի փախստականներուն հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփփօ Կրանտի կոչ ըրաւ միջազգային հանրութեան, աւելցնելու բոլոր ջանքերը, որպէսզի Սուրիացի գաղթականները կարենան արժանավայել կերպով վերադառնալ իրենց տուները։
ՄԱԿ-ի տուեալներուն համաձայն, Սուրիոյ դրացի երկիրներու մէջ Սուրիացի փախստականներուն 80 առ հարիւրը կը փափաքին օր մը առաջ վերադառնալ իրենց տուները, սակայն անոնց վերադարձի կայունութիւնը կախեալ է իրենց ծագումի վայրերու մէջ ներդրումներէն։
Մօտաւորապէս 2,45 միլիոն սուրիացիներ Թուրքիոյ մէջ կ՝ապրին ժամանակաւոր պաշտպանութեան կարգավիճակով ու կէս միլիոնէ աւելի անձեր արդեն վերադարձած են իրենց տուները։
ՄԱԿ-ի փախստականներուն հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփփօ Կրանտի իր կոչին մէջ ընդգծեց որ Սուրիացի փախստականները ընդունող երկիրներու շարունակական աջակցութիւնը՝ Ինչպէս Յորդանանը, Լիբանանը եւ Թուրքիան, կարեւոր է ամենախոցելի փախստականները պաշտպանելու եւ կամաւոր, անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձ ապահովուելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ