Քահանայապետին վիշտը Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով 800-էն աւելի զոհերուն համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 1 սեպտեմբերին, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով հեռագիր մը ուղղեց Աֆղանիստանի Արեւելեան կողմը արձանագրուած երկրաշարժի կապակցութեամբ։
Հեռագիրին մէջ ծիրանաւորը նշեց, որ Նորին Սրբութիւնը խորապէս տխրեցաւ Աֆղանիստանի Արեւեան շրջանը տեղի ունեցած երկրաշարժի պատճառով ու կ՝աղօթէ զոհերուն հոգիներուն, վիրաւորուածներուն ինչպէս նաեւ անհետ կորսուածներու համար։
Յանձնելով այդ աղէտէն տուժած բոլոր անձերը Ամենակալ Աստուծոյ նախախնամութեան, Քահանայապետը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ , մասնաւորապէս իրենց սիրելիներու համար ողբացողներուն, ինչպէս նաեւ փրկարարական աշխատանքներուն նուիրուած քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ փրկարարներուն համար» գրեց կարդինալ Փարոլինը ու հեռագիրը աւարտեց նշելով, որ «Ազգին համար այս դժուար ժամերուն, Նորին Սրբութիւնը Աստուծոյ օրհնութիւնը, մխիթարութիւնը եւ զօրութիւնը կը հայցէ Աֆղանիստանի ժողովուրդին վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ