Որոնել

A Palestinian flag hangs on a pole in the center of Ramallah in the Israeli-occupied West Bank

Բրիտանիա, Քանատա, Աւստրալիա, Փորթուգալ եւ Պելճիքա ճանչցան Պաղեստինի պետութիւնը

Այսպիսով ՄԱԿ-ի 193 անդամ պետութիւններէն աւելի քան 150-ը ճանչցան Պաղեստինի պետութիւնը:

Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի 80-րդ Ընդհանուր ժողովի եւ երկու պետութիւններ լուծումի շուրջ Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ նախագահութեամբ միջազգային խորհրդաժողովի նախօրեակին Բրիտանիա, Քանատա, Աւստրալիա, Փորթուգալ եւ Պելճիքա յայտարարեցին, թէ կը ճանչնան Պաղեստինի պետութիւնը:

Կը նախատեսուի, որ խորհրդաժողովի ընթացքին յաւելեալ երկիրներ ճանչնան Պաղեստինի պետութիւնը:

Այսպիսով ՄԱԿ-ի 193 անդամ պետութիւններէն աւելի քան 150-ը ճանչցան Պաղեստինի պետութիւնը:

Միացեալ Նահանգներ իրենց դաշնակիցներուն կողմէ Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու քայլը որակեցին «ցուցադրութիւն»` ընդգծելով, որ Ուաշինկթընի առաջնահերթութիւնը գերիներու ազատ արձակումը, Իսրայէլի անվտանգութիւնն ու շրջանին մէջ խաղաղութեան ու բարգաւաճման իրագործումն է: Այս մասին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն անանուն բանբեր մը:

Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Վարսեն Աղաբէկեան Բրիտանիոյ, Քանատայի, Աւստրալիոյ եւ Փորթուգալի կողմէ Պաղեստինի ճանաչումը նկատեց «քաջարի քայլ»` աւելցնելով. «Ասիկա պաղեստինցի ժողովուրդին համար պատմական օր է»:

«Կը գնահատենք Պաղեստինի պետութեան իրերայաջորդ ճանաչումներուն մէջ Սէուտական Արաբիոյ մեծ դերակատարութիւնը», նշեց Աղաբէկեան:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց, որ պաղեստինեան պետութեան ճանաչումը «ահաբեկչութեան մեծ վարձատրութիւն է»` աւելցնելով. «Ձեզի մէկ այլ պատգամ կը յղեմ. ատիկա տեղի պիտի չունենայ: Պաղեստինի պետութիւն պիտի չստեղծուի»:

Իտալիոյ 60 քաղաքներու մէջ սենտիքաներ գործադուլ եւ հաւաքներ կատարեցին` իբրեւ բողոք Կազայի մէջ կատարուող ցեղասպանութեան դէմ:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատիֆուլ յայտարարեց. «Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը մեր նպատակն է, եւ չկայ այլ ուղի»:

Մալթայի վարչապետի գրասենեակը յայտարարեց, որ երկիրը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին պիտի ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2025, 08:40