Որոնել

QATAR-PALESTINIAN-ISRAEL-STRIKE-CONFLICT-FUNERAL-GULF

Կիրակի եւ Երկուշաբթի` Տոհայի մէջ Արաբական-Իսլամական արտակարգ վեհաժողով

«Քաթարը Գործընկերներու Հետ Պիտի Աշխատի` Նեթանիահուն Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Եւ Անոր Անպատասխանատու Գործողութիւններուն Վերջ Տալու Համար» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

Քաթարի մայրաքաղաք Տոհան կիրակի եւ երկուշաբթի օրերուն կը հիւրընկալէ արաբական-իսլամական արտակարգ վեհաժողով մը` քննարկելու համար Քաթարի դէմ իսրայէլեան յարձակումը: Այս մասին հաղորդեց Քաթարի պետական լրատու գործակալութիւնը:

 

 

«Քաթարը Գործընկերներու Հետ Պիտի Աշխատի` Նեթանիահուն Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Եւ Անոր Անպատասխանատու Գործողութիւններուն Վերջ Տալու Համար» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

 Քաթարի վարչապետը կը պահանջէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն հաշուետուութեան ենթարկուի: Այս մասին ան ըսած է «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանին նշած է, թէ Նեթանիահուի գործողութիւնները լիովին խոչընդոտած են Կազայի մէջ իսրայէլացի պատանդներու ազատ արձակման բոլոր հնարաւորութիւնները, ինչ որ լուրջ հարուած էր Տոհային:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ Քաթար բարձր կը գնահատէ Տոհայի վրայ Իսրայէլի յարձակումներուն վերաբերող Թրամփի տեսակէտը եւ կը կարծէ, թէ ժամանակն է լուրջ քայլերու ձեռնարկելու:

Քաթարեան դիւանագիտութեան պետը աւելցուցած է, որ իր երկիրը շրջանային երկիրներէն կ՛ակնկալէ «իրական արձագանգ»` Իսրայէլէն եկող սպառնալիքները դադրեցնելու:

«Քաթար գործընկերներու հետ պիտի աշխատի` Իսրայէլի վարչապետը պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ անոր անպատասխանատու գործողութիւններուն վերջ տալու համար», նշած է Քաթարի վարչապետը:

Միւս կողմէ` Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ Քաթար Միացեալ Նահանգներու փոխանցած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային կրնայ կարգ մը այլ գործընկերներ գտնել իր անվտանգութեան աջակցելու համար:

«Աքսիոս» կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուէն պահանջած է անգամ մը եւս Քաթարի վրայ յարձակում չգործել:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց. «Համասի ղեկավարներուն դէմ Տոհայի մէջ յարձակումը տեղի ունեցաւ զանոնք Թուրքիոյ մէջ ահաբեկելու ծրագիրի ձախողութենէն ետք»:

Կայանը նշեց. «Եգիպտոս Միացեալ Նահանգներուն փոխանցեց, որ իր հողերուն վրայ (Համասի ղեկավարներուն դէմ յարձակումի) իսրայէլեան որեւէ փորձ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ»:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռը հաղորդեց. «Քաթարի մէջ հարուածին ընթացքին Համասի 6 ղեկավարներէն բոլորը կրնան սպաննուած չըլլալ: Օգտագործուած ռումբերը հարկ եղածէն փոքր էին»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2025, 08:42