Արարատի լեռնագնացները այցելած են Մեսրոպեան վարժարան
Կրթական մշակ եւ լեռնագնաց պարոն Նազարէթ Ճէրէճեան, Սերուժ Խանճիհանեան եւ Ծովակ Քէօշկէրեան այցելեցին Մեսրոպեան վարժարան եւ մեր աշակերտներուն պատմեցին Արարատ լեռը բարձրանալու իրենց ոգեշնչող փորձառութեան մասին: Հանդիպումը կազմակերպուած էր նախակրթարանի 4-րդ եւ 5-րդ դասարաններու աշակերտներուն համար, հայոց լեզուի դասանիւթի շրջանակին մէջ։Յարգելի դասախօսներուն վկայութեանց եւ բացատրութիւններուն ազդեցութեան տակ՝ աշակերտները կարծէք պահ մը տեղափոխուեցան աստուածաշնչական լերան տարածքը ու միացած լեռնագնացներու յուզիչ ճանապարհորդութեան՝ զմայլեցան անոր գեղեցկութիւններով եւ վեհութեամբ։
Աշակերտներուն համար դիպուկ էր յատկապէս Ծովակին փորձառութիւնը, քանի որ ան լեռ բարձրանալու ժամանակ ընդամէնը 13 տարեկան էր։
Դասախօսութեան աւարտին, յարգարժան հիւրերը Արարատէն բերուած ժայռի բեկորները որպէս խորհրդանշական նուէրներ փոխանցեցին վարժարանի տնօրէնութեան, բաժանմունքի պատասխանատուին եւ հայերէնի ուսուցիչին։
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ