Որոնել

 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Լոս Անճելըսի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Լոս Անճելըսի մէջ  

«Ուսուցչութիւնը կոչում է». Լոս Անճելըսի մէջ յայտարարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը

Կը շարունակուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետի հովուական այցը՝ Արեւմտեան Թեմ։

Ուրբաթ, 25 հոկտեմբեր 2025-ին, Քալիֆորնիոյ հայ վարժարաններուն մէջ գործող աւելի քան 500 ուսուցիչներ, համախմբուած էին Ֆերահեան վարժարանին մէջ, մասնակցելու համար ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինին կազմակերպած վերապատրաստման մասնագիտական սեմինարին, որուն բացման նիստին իր հայրապետական օրհնութեան խօսքը ուղղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։

Սեմինարի բացման խօսքով հանդէս եկաւ ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան: Ան իր որդիական ակնածանքը յայտնելով Նորին Սրբութեան՝ բարի գալուստ մաղթեց անոր, ինչպէս նաեւ սեմինարի մասնակիցներուն։ Ան ըսաւ, թէ այս սրահին մէջ հաւաքուած ենք որպէս մշտական ուսանողներ։ Հաւաքուած ենք շուրջ 500 մասնագէտներով` հաւատարիմ մնալու մեր ազգային ինքնութեան ու առաքելութեան, որոնց գիտակցութեամբ մենք կը կատարենք մեր ամէնօրեայ ծառայութիւնը բծախնդրութեամբ, պարտաճանաչութեամբ ու նուիրումով։ Մեր սփիւռքեան հարիւրամեայ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Սփիւռքի սիւնը կը հանդիսանայ հայ դպրոցը, ուր կը պատրաստուին ու կը թրծուին նոր սերունդները։ Հետեւաբար, բարձր գիտակցութեամբ է որ պէտք է կատարենք մեզի վստահուած ազգաշէն առաքելութիւնը, որպէսզի կարողանանք պատրաստել ապագայ հայը` իսկական արժէքներով զարդարուած եւ լուսաւոր տեսլականներով օժտուած։ Իր խօսքը ուղղելով Նորին Սրբութեան՝ Ուրֆալեան յայտնեց, թէ մեր վարժարաններն ու հաստատութիւնները ձեր պատգամներուն անսալով` կը մնան բերդերը մեր ազգային աւանդութիւններու վերահաստատման։ Այսօր այստեղ համախմբուած մեր մշակները պատիւն ու բախտը ունին անձամբ լսելու ձեր թելադրութիւններն ու պատգամները։ Ձեր հայրապետական խօսքերը մշտապէս պիտի հնչեն բոլորիս մտքերուն մէջ ու անոնց արձագանգը պիտի հասնի մեր նոր սերունդներուն` զանոնք ամրապնդելով մեր ազգային ու բարոյական բարձր արժէքներով։

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին առաջին բաժինին մէջ առաւելաբար նկատի ունենալով ամերիկացի ուսուցիչները՝ խօսեցաւ դաստիարակութեան զանազան երեսներուն մասին, յատկապէս շեշտելով դաստիարակութեան որպէս կազմաւորում մօտենալու հրամայականը: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ միջավայրի ազդեցութեան, քննական մտածողութիւն զարգացնելու անհրաժեշտութեան, ընկերութեան կեանքէն ներս բարոյական արժէքներու զարգացման եւ արհեստագիտական միջոցներու ճիշդ օգտագործման ու դաստիարակութիւնը ճիշդ ուղղութեամբ կատարելու անհրաժեշտութեան, մանաւանդ ընկերային չարիքներով լեցուն ներկայ ժամանակներուն:

Իր պատգամին երկրորդ բաժինին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ հետեւեալ չորս կէտերուն մասին.-

ա) ուսուցչութիւնը առաքելութիւն է

բ) ուսուցիչը միայն ուսուցանող պէտք չէ ըլլայ, այլ նաեւ ուսանող

գ) հայ դպրոցը ընտանիք է, եկեղեցի է, հայրենիք է

դ) ուսումը միտք կը թրծէ ու կը լուսաւորէ, նաեւ նկարագիր կը կերտէ ու ինքնութիւն կը կազմաւորէ:

Հայրապետը իւրաքանչիւր կէտի լայնօրէն անդրադարձաւ՝ միշտ շեշտելով հայ դպրոցին ու հայակերտման առաքելութեան կարեւորութիւնը։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2025, 08:00