Որոնել

Արամ Ա  եւ վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան Արամ Ա եւ վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան 

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանը։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտերու ու մտահոգութիւններու փոխանակման՝ Լիբանանի, լիբանանահայութեան եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի ու Հայաստանի հետ աղերս ունեցող հարցերու շուրջ։

Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտերու ու մտահոգութիւններու փոխանակման՝ Լիբանանի, լիբանանահայութեան եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի ու Հայաստանի հետ աղերս ունեցող հարցերու շուրջ։

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու իր թեմերուն եւ հայ աւետարանական եկեղեցիներուն միջեւ տակաւ աճող գործակցութիւնը, միաժամանակ գնահատեց Հայկազեան Համալսարանին կողմէ տարուող կրթական աշխատանքը։

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2025, 09:52