Որոնել

Քրեմլին Քրեմլին   (AFP or licensors)

Քրեմլին կ՛ողջունէ Կազայի հարցի կարգաւորումէն ետք Ուքրանիոյ տագնապին վրայ կեդրոնանալու Թրամփի մտադրութիւնը

Թրամփ Քնեսեթի մէջ յայտարարած էր, թէ Կազայի պատերազմի աւարտէն ետք կը նախատեսէ ամբողջութեամբ կեդրոնանալ Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու վրայ:

Քրեմլին կ՛ողջունէ Կազայի մէջ կարգաւորումէն ետք ուքրանական պատերազմին վրայ կեդրոնանալու Թրամփի մտադրութիւնը: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

«Մենք կ՛ողջունենք նման մտադրութիւնները: Մենք կ՛ողջունենք քաղաքական կամքի պահպանումը` խաղաղ կարգաւորման որոնումները դիւրացնելու համար: Մենք արդէն լաւապէս ծանօթ ենք Ուիթքոֆին: Ան արդիւնաւէտ է: Ան ապացուցած է Միջին Արեւելքի մէջ իր արդիւնաւէտութիւնը: Մենք յոյս ունինք, որ անոր տաղանդը պիտի շարունակէ նպաստել ուքրանական իրավիճակին:

«Ռուսական կողմը կը պահպանէ իր դրական տրամադրուածութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը խաղաղ երկխօսութեան: Մենք յոյս ունինք, որ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը եւ նախագահ Թրամփի դեսպաններու դիւանագիտական հմտութիւնները պիտի օգնեն խրախուսել ուքրանական կողմին աւելի նախաձեռնողական եւ աւելի պատրաստուած ըլլալ խաղաղութեան վեհաժողովին», յայտարարած է Փեսքով:

Յիշեցնենք, որ Թրամփ Քնեսեթի մէջ յայտարարած էր, թէ Կազայի պատերազմի աւարտէն ետք կը նախատեսէ ամբողջութեամբ կեդրոնանալ Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու վրայ:

Նշենք, որ ան ուրբաթ օր Սպիտակ տան մէջ պիտի ընդունի Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2025, 11:20