Տիարպէքիր. Յայտնաբերուած է հայկական տապանաքար մը
Տիարպէքիրի մէջ կատարուած հնագիտական պեղումներու արդիւնքով յայտնաբերուած է հայկական տապանաքար մը, բայց պատասխանատուներ Քիրիլեան այբուբենով գրուած «ինքնութիւն մը շնորհած են» այս գտածոյին։
Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Մարմարա» պարբերականը։
Աղբիւրը կը նշէ, որ գերեզմանաքարը մեծ հետաքրքութիւն ստեղծած է եւ զանազան լրատուամիջոցներ արձագանգ հանդիսացած են, գրելով թէ Տիարպէքիրի մէջ պարբերաբար կը յայտնաբերուին զանազան դարաշրջաններուն պատկանող գտածոներ։
Այս անգամ գտածոն յայտնաբերուեցաւ Հանի շրջանի մէջ շինարարական աշխատանքներու ընթացքին. շինարարական ինքնաշարժի բեռնաթափքին «կառչեցաւ» գերեզմանաքար մը, պատճառ դառնալով որ շինարարական աշխատանքները դադրին։ Ժամանեցին Տիարպէքիրի Թանգարանային վարչութեան անդամները եւ գերեզմանաքարը տեղափոխեցին Սուրի շրջան, Իչքալէի թանգարանային համալիր։
Տապանաքարը տեղ գտաւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ դիմաց։ Հնէաբաններ մանրանկրիտ կերպով պէտք է մաքրեն եւ ուսումնասիրեն զայն, բայց մինչ այդ թանգարանի փոխտնօրէն Միւժտաթ Կիզլիկէօլ առաջին յայտարարութիւնները ընելով, «սխալ ինքնութիւն մը շնորհեց» տապանաքարին։ Ան սապէս ըսաւ. «Տապանաքարին վրայ կան քիրիլեան այբուբենի գիրեր, կարգ մը տառերը կարելի չէ կարդալ, ուստի վերջնականապէս վերծանում մը չեղած։ Վերականգնողներ պիտի վերծանեն մակագրութիւնը եւ զայն ընթեռնելի պիտի դարձնեն, ապա պիտի հաստատենք թէ ի՞նչ գրառումներ կան գերեզմանաքարի վրայ»։
Մինչդեռ տապանաքարի վրայ յստակ կ'երեւին հայկական գիրերը եւ կը կարդացուին բառերը։
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ