Որոնել

Վարչապետ Սալամ այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարան Վարչապետ Սալամ այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարան 

Վարչապետ Սալամ այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարան

Այս առիթով Վարչապետը շնորհաւորեց երանելի Մալոյեանի սրբադասումը

 

24 հոկտեմբերին Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Հռոմի մէջ այցելեց  Հայ կաթողիկէ քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարան, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ:Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սալամ յայտնեց, որ նկատի ունենալով, թէ Վատիկանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ, Մարտինի արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման առիթով Լիբանանը ներկայացուցած էր Լիբանանի նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն, ինք եւս այս օրերուն գտնուելով Հռոմ, փափաքած է այս առիթով տեսակցիլ պատրիարքին հետ եւ շնորհաւորել զայն երանելի Մալոյեանի սրբադասման համար: Ան դիտել տուաւ, որ ասիկա ուրախութեան եւ գոհունակութեան առիթ է բոլոր լիբանանցիներուն համար անխտիր:

Աղբիւրը` Ազդակ

 

Վարչապետ Սալամ այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարան
Վարչապետ Սալամ այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2025, 09:10