Որոնել

2023.08.15 Consiglio delle Chiese del Medio Oriente

Պէյրութ. Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի տարեկան ժողովը

Երկու օրուան ընթացքին ներկաները բաց քննարկումներով, խորհրդակցական ժողովներով, տեղեկագիրներով զանազան նիւթեր նկատի առին, կառավարական պաշօնեաներու, եկեղեցական պետերու, գործակից կազմակերպութիւններու եւ արտասահմանեան հիւրերու հետ։ Եկեղեցիներու եւ տարածաշրջանի ընկերութիւններու դիմագրաւած հրատապ նիւթեր սերտեցին միասնաբար։

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (ՄԱԵԽ) Լիբանանի մէջ իր տարեկան ժողովը գումարեց միջազգային գործակիցներու ներկայութեամբ 10-11 Սեպտեմբեր 2025ին, «Ալ-Լիքա» Կեդրոն (Ռապուէ) եւ Հայկազեան Համալսարան (Պէյրութ)։

Երկու օրուան ընթացքին ներկաները բաց քննարկումներով, խորհրդակցական ժողովներով, տեղեկագիրներով զանազան նիւթեր նկատի առին, կառավարական պաշօնեաներու, եկեղեցական պետերու, գործակից կազմակերպութիւններու եւ արտասահմանեան հիւրերու հետ։ Եկեղեցիներու եւ տարածաշրջանի ընկերութիւններու դիմագրաւած հրատապ նիւթեր սերտեցին միասնաբար։

Այս ժողովները աւարտեցին Հայկազեան Համալսարանի մէջ, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 50-ամեակը նշող սեմինարով մը ։ Յիսնամեակի տարին աւարտեցաւ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցւոյ մէջ, միջ-եկեղեցական աղօթքի արարողութիւնով։ Խորհրդաւոր մթնոլորտի մը մէջ, մասնակցողները Քրիստոսով իրենց միասնականութիւնը վեր առին, նաեւ իրենց յարատեւ հաւատը եւ Միջին Արեւելք եւ անդին իրենց առաքելութեան ու վկայութեան իրենց միասնական կոչումը։ ՄԱԵԽի Համանախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան իր պատգամին մէջ շեշտեց Քրիստոսի յարութեան յոյսը եւ զօրութիւնը որպէս կեանքի վճռական խօսքը, ներկայ խռովութիւններու, անարդարութիւններու եւ մարդկային տառապանքին դիմաց։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2025, 08:15