Որոնել

 Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակ  (AFP or licensors)

Նոպելեան կոմիտէն խաղաղութեան մրցանակի դափնեկիրը ընտրած է Կազայի համաձայնութեան կնքումէն առաջ

Լրատու գործակալութիւնը կ՛ընդգծէ, թէ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի ապագայ դափնեկիրին վերաբերեալ որոշումը տրուած է Իսրայէլի եւ Համաս շարժումին միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումէն առաջ:

Նոպելեան կոմիտէն երկուշաբթի օր գումարած է իր վերջին նիստը եւ ընտրած այս տարուան Խաղաղութեան մրցանակի դափնեկիրները, նախքան Կազայի համաձայնութեան կնքումը: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Օսլոյի Նոպելեան հիմնարկի ներկայացուցիչ Էրիք Օսհայմին:

Ան յայտնած է, որ կոմիտէն երբեք չի բացայայտեր, թէ ե՛րբ որոշումը կու տայ:

Լրատու գործակալութիւնը կ՛ընդգծէ, թէ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի ապագայ դափնեկիրին վերաբերեալ որոշումը տրուած է Իսրայէլի եւ Համաս շարժումին միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումէն առաջ:

Մինչ այդ, երէկ յայտարարուեցաւ 71 տարեկան հունգար գրող Լազլօ Քրասնա Քրասնահորքա գրականութեան նոպելեան մրցանակի դափնեկիրն է:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2025, 09:41