Կայացաւ «Յիշողութեան կերպարանքները» 14-րդ միջազգային գիտական աշխատաժողովը
Նախարարը ողջունելով ներկաները, նշելով, որ Մատենադարանը իրապէս կը դառնայ միջազգային հարթակ՝ տպագիր եւ ձեռագիր ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ ի դէմս Մատենադարանի, կը դառնայ մշակութային ժառանգութեան պահպանման աջակից։ Յառաջիկային Մատենադարանը պիտի հիւրընկալէ նաեւ Պաղեստինի վտանգուած մշակութային ժառանգութիւնը, ցոյց տալով, որ մեր ցանկութիւնն ու յանձնառութիւնը չեն սահմանափակուիր որեւէ խոչընդոտով, ըսաւ Նախարարը։
Ժաննա Անդրէասեան վերահաստատեց պետութեան յանձնառութիւնը՝ շարունակաբար աջակցելու պատմական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Մատենադարանի աշխատակազմին եւ գործընկեր կազմակերպութիւններուն, հետեւողական համագործակցութեան եւ աջակցութեան համար։
Ողջոյնի խօսք արտասանեց նաեւ Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան, շնորհակալութիւն յայտնելով գործընկերներուն աջակցութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան համար միացեալ աշխատանքներու պատրաստակամութեան համար։
«Յիշողութեան կերպարանքները. ձեռագիր եւ տպագիր ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման նորագոյն արհեստագիտութիւնները» միջազգային աշխատաժողովին մասնակցեցան մօտաւորապէս 20 երկրի աւելի քան 30 վերականգնողներ, հեղինակաւոր գրադարաններու, արխիւներու եւ թանգարաններու ղեկավարներ։ Միջազգային գործընկերներուն ներկայացուեցան Մատենադարանի կենսաքիմիական տարրալուծարանն եւ վերականգնողական թուղթի նորաստեղծ արտադրամասը։
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ