Որոնել

2025.11.14 Concerto per i 325 anni della Congregazione Mkhitarista

Մխիթարեաններու 325-ամեակին` 41 արուեստի գործի նուէր եւ համերգ

Քսաներորդ եւ քսանմէկերորդ դարերու ստեղծագործութիւններ պիտի համալրեն Սուրբ Ղազարի հաւաքածոն:

Մխիթարեան միաբանութիւնը ստացաւ դոկտ. Ճոն Յովհաննէս Ներսէսեանի կողմէ մեծարժէք նուիրատուութիւն` հայ արուեստագէտներու 41 գեղանկար եւ այլ արուեստի գործեր: Բացումը կատարուեցաւ շաբաթ, 1 նոյեմբերին Սուրբ Ղազարի մայրավանքին մէջ` միաբանութեան հիմնադրութեան 325-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ:

Քսաներորդ եւ քսանմէկերորդ դարերու ստեղծագործութիւններ պիտի համալրեն Սուրբ Ղազարի հաւաքածոն:

Նկարներու ցուցադրութեան բացումէն ետք, «Եդեսիա» համոյթը (Edesse Ensemble) հանդէս եկաւ հոգեւոր եւ ժողովրդական երգերու ճոխ յայտագրով մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ` գլխաւորաբար Կոմիտաս վարդապետի երգերու մեկնաբանութեամբ: Համերգի իր բացման խօսքին մէջ միաբանութեան կողմէ հ. Գէորգ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնեց դոկտ. Ներսէսեանին:

Դոկտ. Ներսէսեան սփիւռքահայ ոտնաբուժ-վիրաբուժ է Միացեալ Նահանգներուն մէջ` երկարամեայ մասնագիտական եւ համայնքային գործունէութեամբ: Որպէս արուեստասէր եւ բարերար` տարիներ շարունակ սատարած է հայկական կրթական եւ հոգեւոր հաստատութիւններու առաքելութեան:

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2025, 08:33