Եւրոպական Դատարանը Պաքուի մէջ բանտարկուած հայերուն մասին տեղեկութիւններ տրամադրելու ժամկէտը երկարաձգեց
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած մնացող անձերուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ ներկայացնելու համար սահմանուած ժամկէտը երկարաձգեց, «Սփութնիք Արմէնիա»ին յայտնեցին Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակէն՝ պատասխանելով լրատուամիջոցի գրաւոր հարցումին:
Աւելի կանուխ, «Սփութնիք Արմէնիա»ն յայտնած էր, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Ատրպէյճանէն պահանջած է Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող 23 հայ գերիներու պահման եւ առողջական վիճակին մասին հաշուետուութիւն ներկայացնել՝ վերջնաժամկէտ սահմանելով 4 Նոյեմբերը:
«Եւրոպական դատարանը 7 Նոյեմբերին երկարաձգեց սահմանուած ժամկէտը: Ըստ այդմ՝ Ատրպէյճանի կողմէ համապատասխան տեղեկութիւնները Եւրոպական դատարանին պիտի ներկայացուին մինչեւ 18 Նոյեմբեր: Նկատի ունենալով վերագրեալը՝ այս պահու դրութեամբ՝ Հայաստանի կառավարութեան հասանելի չէ հայցուող տեղեկութիւնը», յայտնեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի գրասենեակը:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ