Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի «Հաւատք եւ Կարգ» յանձնաժողովին միջազգային վեցերորդ համաժողովը Եգիպտոսի մէջ
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի «Հաւատք եւ Կարգ» յանձնաժողովը (Faith and Order Commission) իր միջազգային վեցերորդ համաժողովը գումարեց Եգիպտոսի Ուատի Ալ-Նաթրունի Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Լոկոս կեդրոնին մէջ, 24-28 Հոկտեմբեր 2025-ին։ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ չորս օրերու վրայ երկարող ժողովներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ չորս հարիւր ժողովականներ, որոնք կը ներկայացնէին Քրիստոնէական տարբեր յարանուանութիւններ՝ աշխարհի զանազան երկիրներէ ժամանած։ Սոյն միջազգային կարեւոր համաժողովին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Դպրեվանքի Տեսուչ Գերպ. Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեանը։
Համաժողովը նուիրուած էր Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի 1700-ամեակին, վերնագիր ունենալով «Այժմ ո՞ւր [կարելի է գտնել] երեւելի միութիւն» (Where Now For Visible Unity?)։ Դասախօսական ներկայացումներն ու խմբային քննարկումները կեդրոնացան այս թեմային առնչուող նիւթերու շուրջ, որոնք կ'արծարծէին եկեղեցիներու առաւել մերձեցման, երկխօսութեան եւ գործակցութեան նպատակները։ Աւարտին, հրապարակուեցաւ պատգամ-կոչ մը, որ կ՚արտայայտէր համաժողովին տեսլականն ու քրիստոնէական միութեան անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը։
Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ներկայացուցիչներու Հանդիպումներ
Համաժողովին առընթեր տեղի ունեցան մասնակից եկեղեցիներու Արեւելեան ուղղափառ ոչ-քաղկեդոնական եւ ուղղափառ քաղկեդոնական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու երկու հանդիպումներ։ Առաջին հանդիպումը կատարուեցաւ մտերմիկ ձեւաչափով՝ նպատակ ունենալով ներկայացուցիչներու ծանօթացում եւ եկեղեցական յարաբերութիւններու ամրապնդում։ Իսկ երկրորդը՝ պաշտօնական ձեւաչափով, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պետ Ն.Ս. Թաուատրոս Բ. Պատրիարքին գլխաւորութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցաւ եւ արծարծեց Ուղղափառ եկեղեցիներուն դերն ու երկխօսութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը։ Սոյն երկու հանդիպումներուն Հայր Պարոյր Շէրնէզեան Թաուատրոս Բ. Պատրիարքին փոխանցեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները։
Նշենք, որ փակման աղօթքի հանդիսութեան, հայր սուրբը հայկական շարականով մասնակցեցաւ արարողութեան։
Յայտնենք նաեւ, որ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի հինգերորդ համաժողովը տեղի ունեցած է 1993-ին, Սպանիոյ Սանթիակօ տէ Քոմբոսթէլա քաղաքին մէջ, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է Արամ Ա. Կաթողիկոս (օրին՝ Արամ Արք., Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ), Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնական եւ գործադիր վարչութեանց ատենապետի հանգամանքով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ