Երկուշաբթի եւ երեքշաբթի պաշտօնական արձակուրդի օրեր` Լիբանանի մէջ
Լեւոն ԺԴ. Պապին Լիբանան առաքելական այցելութեան առիթով երկրին մէջ գործող բոլոր պետական վարչութիւնները եւ հաստատութիւնները, քաղաքապետութիւնները, ինչպէս նաեւ բոլոր պետական եւ սեփական վարժարաններն ու համալսարանները կը մնան փակ:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ հրապարակեց պաշտօնական շրջաբերական մը, որուն մէջ նշեց, որ Լեւոն ԺԴ. պապի Լիբանան տուած պաշտօնական այցելութեան առիթով եւ լիբանանեան հասարակութեան տարբեր շերտերուն պապին ընդունելութեան կարելիութիւն ընձեռելու նպատակով, երկուշաբթի, 1 եւ երեքշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2025-ը կը յայտարարուին պաշտօնական արձակուրդի օրեր:
Այս առիթով երկրին մէջ գործող բոլոր պետական վարչութիւնները եւ հաստատութիւնները, քաղաքապետութիւնները, ինչպէս նաեւ բոլոր պետական եւ սեփական վարժարաններն ու համալսարանները կը մնան փակ:
Լուրը՝ Ազդակէն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
29/11/2025, 11:18