Ռուպիօ. «Կազայի կայունութեան միջազգային ուժի շրջագիծի ստեղծման ջանքերուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ»
Ռուպիօ ըսաւ, որ ՄԱԿ-ի մէջ ներկայիս քննարկումներ տեղի կ՛ունենան ճշդելու համար այն միջազգային շրջագիծը, որուն հիմամբ կայունութեան ուժը պիտի գործէ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, թէ Կազայի մէջ կայունութեան միջազգային ուժի ստեղծման ջանքերուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է:
Ան նշեց, որ նշեալ ուժին մաս կազմելու կամաւոր երկիրները ՄԱԿ-էն լիազօրութեան կարիքը ունին:
Ռուպիօ ըսաւ, որ ՄԱԿ-ի մէջ ներկայիս քննարկումներ տեղի կ՛ունենան ճշդելու համար այն միջազգային շրջագիծը, որուն հիմամբ կայունութեան ուժը պիտի գործէ:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ այդ որոշումին վրայ աշխատանքը ներկայիս յառաջընթաց կ՛արձանագրէ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
10/11/2025, 08:56