Ռայի Պատրիարք. «Իսրայէլի հարաւային Լիբանանի մէջ մնալը կը խոչընդոտէ զէնքի յանձնման հոլովոյթը»
Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լեւոն ԺԴ. պապի այցելութիւնը իւրաքանչիւր լիբանանցիի ազգային եւ հոգեւոր կեանքին մէջ կարեւոր իրադարձութիւն է»:
«Պապը Լիբանանի վերաբերեալ իր սեփական տեսանկիւնը ունի, եւ ունի ճառեր, որոնց ընթացքին պիտի խօսի իր տեսակէտին մասին, ինչպէս նաեւ Վատիկանի պատմական տեսակէտին մասին», նշեց ան:
«Վատիկանը նախանձախնդիր է Լիբանանի եւ համակեցութեան նկատմամբ, եւ Լեւոն ԺԴ. պապի այցելութեան ծրագիրը կը կեդրոնանայ խաղաղութեան կառուցման վրայ», յայտնեց պատրիարքը` աւելցնելով. «Լիբանան կարիքը ունի խաղաղութեան պատգամի, եւ այս արեւելքը, որ կ՛եռայ, կարիքը ունի խաղաղութեան»:
«Քրիստոնեաները իրենց սեփական շահերուն շուրջ պառակտուած են, եւ այլեւս կարիքը ունին Պքերքէի կողմէ «գաւազանի ճօճման», նշեց մարոնիներու պատրիարքը:
«Ամէնէն յարմարը Իսրայէլի հետ 1949-ի զինադադարին մեր վերադառնալն է», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ ոչ ոք իրմէ պահանջած է իր պաշտօնէն հրաժարիլ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞վ իրեն կը դաւաճանէ, եւ արդեօք անոնց կը ներէ՞ ան ըսաւ. «Անշուշտ կը ներեմ: Ան որ ճշմարտութիւնը կ՛ուզէ, ապա Պքերքէի դռները բաց են, թող իրականութիւնը ինձմէ ստանայ»:
«Բոլորս պէտք է խաղաղութիւն կառուցենք եւ զայն որոնենք: Խաղաղութեան մէջ պէտք է հեռու մնալ բոլոր սխալ գաղափարներէն», յայտնեց մարոնիներու պատրիարքը:
«Իսրայէլ չ՛ուզեր բանակցիլ, ան իր սեփական օրակարգը ունի, եւ Լիբանանի մէջ կան անձեր, որոնք չեն ուզեր բանակցիլ», ըսաւ Ռայի:
«Լիբանանի մէջ կ՛ուզենք միասնաբար երկխօսութեան սեղան նստիլ», աւելցուց ան` նշելով, որ Պքերքէ չի կրնար երկխօսութեան սեղանի հրաւիրել, այնքան ատեն որ հանրապետութեան նախագահը կայ, միայն ան կրնայ այդ հրաւէրը ուղղել:
«Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը պէտք է յարմար պահուն երկխօսութեան հրաւիրէ, եւ իմ կարծիքով` ներկայիս պահը յարմար չէ, որովհետեւ տակաւին պատերազմական իրավիճակի մէջ ենք, եւ բազմաթիւ հարցերու շուրջ տարակարծիք, ինչպէս նաեւ զէնքի յանձնման եւ Իսրայէլի հեռացման նիւթին շուրջ տարակարծիք ենք», նշեց ան:
«Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամը, ինչպէս նաեւ կառավարութիւնը վստահութիւն ստեղծեցին», յայտնեց Ռայի պատրիարքը` նշելով. «Իսրայէլի հարաւային Լիբանանի մէջ մնալը զէնքի հարցին մէջ Հըզպալլայի վրայ կ՛ազդէ, ուստի եւ հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին վրայ կ՛ազդէ»:
Մարոնիներու պատրիարքը շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին դէմ զինաթափման հարցով ներքին եւ արտաքին գանգատ պէտք չէ ըլլայ, եւ հարց տուաւ. «Տրամաբանակա՞ն է, որ Ամերիկան Իսրայէլի վրայ ազդեցութիւն չունի` հարաւային Լիբանանէն հեռանալու հարցով»:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ ինք դէմ է բանակը Հըզպալլան բռնի ուժով զինաթափելու գործողութեան մղելուն` աւելցնելով, որ այդ մէկը յուսախաբութիւն պատճառով կացութեան կրնայ յանգեցնել:
Ան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին աջակցելու եւ ըսաւ, որ զէնքի մենաշնորհման որոշումի գործադրութեան դժուարութիւնը «միջազգային աջակցութեան» չգոյութեան մէջ կը կայանայ:
«Իրանի` Հըզպալլայի միջոցով լիբանանեան հարցերուն միջամտութիւնը չենք կրնար ընդունիլ, եւ Հըզպալլան պէտք է իր զէնքը լիբանանեան բանակին յանձնէ», շեշտեց պատրիարքը:
«Սահմանադրութեան մէջ խաղաղութեան եւ պատերազմի որոշում տուողը կառավարութիւնն է, իսկ Հըզպալլան է, որ պատերազմն ու խաղաղութիւնը կ՛որոշէ, եւ մենք մէկէ աւելի անգամներ քննադատեցինք վերջին պատերազմը», ըսաւ ան` նշելով. «Միակ լուծումը չէզոքութիւնն է»:
Անդրադառնալով Սուրիոյ` մարոնիներու պատրիարքը նշեց. «Քրիստոնեայ սուրիացիները կը լքեն Սուրիան, որովհետեւ նոր Սուրիան իսլամական պետութիւն դարձաւ եւ նախապէս այդպէս չէր»:
«Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերը վախ կը պատճառեն, եւ Սուրիոյ մէջ կայունութիւն չկայ», աւելցուց ան:
Ռայի պատրիարքը նաեւ շեշտեց, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է իրենց ժամկէտին տեղի ունենան` աւելցնելով, որ պէտք է յարգել արտերկրի լիբանանցիներուն որոշումը, եւ ակնարկելով ընտրական օրէնքի բարեփոխման` հարց տուաւ. «Ինչո՞ւ ատիկա խորհրդարանի օրակարգին վրայ չ՛առնուիր»:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ