Որոնել

2025.11.25 Prove del coro armeno per la visita del Santo Padre in Turchia

Պոլսահայ Հաւատոյ Երգչախումբը կը պատուիրատուի ընկալելու Լեւոն ԺԴ

Երգչախումբին մաս կը կազմեն Պոլսահայ զանազան երգչախումբերէ անդամներ եւ կը կոչուի «Պոլսահայ Հաւատոյ Երգչախումբ», ձօնուած ըլլալով Նիկիոյ Տիեզերական Ս. Ժողովի 1700-ամեակին։

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր Պետ Ն.Ս.Տ.Տ. Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը այս շաբաթ պիտի այցելէ Թուրքիա եւ պիտի մասնակցի Նիկիոյ Տիեզերական Ս. Ժողովի 1700-ամեակի հանդիսութեան:

Այս առթիւ, 29 Նոյեմբեր 2025, Շաբաթ երեկոյ, Volkswagen Arena սրահին մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, որու ընթացքին Հայկական շարականներ եւս պիտի հնչեն, յատկապէս կազմուած հայկական երգչախումբի կողմէ։

Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Գերյ. Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան Գերապայծառի խնդրանքով եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ երգչախումբին հոգեւոր պատասխանատու նշանակուած է Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։

Երգչախումբին մաս կը կազմեն Պոլսահայ զանազան երգչախումբերէ անդամներ եւ կը կոչուի «Պոլսահայ Հաւատոյ Երգչախումբ», ձօնուած ըլլալով Նիկիոյ Տիեզերական Ս. Ժողովի 1700-ամեակին։

Վարիչի պաշտօնը յանձնուած է Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանին, իսկ երգեհոնահարն է Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբէն Լուսի Գահվէճիօղլու։

Երգչախումբը առաջին փորձը կատարեց 24 Նոյեմբեր 2025, Երկուշաբթի, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ։

Այս առթիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. օրհնութիւնները փոխանցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, ինչպէս նաեւ շնորհաւորանքը՝ Գերապայծառ Տ. Վարդան Ծ. Վարդապետին։ Հայր Սուրբը բացատրեց ծրագրի բովանդակութիւնը, շեշտելով Հայ հասարակութեան կարեւորութիւնը այս բոլորին մէջ։

Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնք իրենք ժամանակը տրամադրած էին սոյն ծրագրին եւ փութացած էին փորձին։

Ներկաներ եւս շնորհակալութիւն յայտնեցին պատասխանատուներուն, որոնց աշխատութեամբ իրենք եւս բաժին ունեցած էին պատասխանատու այս պաշտօնին մէջ։

Փորձը սկսաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով եւ «Պահպանիչ»ով:

Աղբիւրը` Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2025, 08:48