Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․Պատրիարքական Բարձրագոյն Շքանշանով Պատուեց Մեսրոպեան Վարժարանը
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը խորին շնորհակալութեամբ ընդունեց Ն․Ա․Գ․Տ․Տ․ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին կողմէ շնորհուած «Հաւատքի խաչ» պատրիարքական բարձրագոյն շքանշանը՝ վարժարանի հիմնադրութեան 85-ամեակին առիթով։
Այս բարձր գնահատանքը, որ արձանագրուած էր 9 Մայիս 2024-ին՝ 85-ամեակի տօնակատարութեանց ժամանակ, ուղղուած է մեր հաստատութեան երկարամեայ նուիրումին՝ հայ սերունդներու դաստիարակութեան եւ ազգային ու կրօնական արժէքներու աւանդումին։
Խորապէս շնորհակալ ենք Հոգեւոր տիրոջ իր հայրական օրհնութեան եւ ընծայած պատիւին համար։ Այս շքանշանը, որ այժմ ցուցադրութեան դրուած է վարժարանիս մէջ, կը հանդիսանայ մշտական յիշեցում մը մեր պարտաւորութեան՝ շարունակելու մեր հիմնադիրներուն սրբազան առաքելութիւնը լուսաւորելու սերունդներ հայ գիտութեամբ, հաւատքով եւ գիտակցութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ