Որոնել

2023.06.02 Gomidas

Կոմիտաս Վարդապետին նուիրուած փրեկոյ

Կոմիտասը հայ երաշտութեան վերաբերող դասախօսութիւններով բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է Եւրոպայի եւ Արեւելքի շարք մը քաղաքներու մէջ (Փարիզ, Պերլին, Ցիւրիխ, Ժընեւ, Լօզան, Վենետիկ, Գահիրէ եւ այլն)։

20 Նոյեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ մը, նուիրուած՝ Կոմիտաս վարդապետին։ Երեկոն կազմակերպուած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբին կողմէ։

Հակառակ կլիմայի խիստ աննպաստ պայմաններուն՝ յարգելի մշակութասէր հանրութիւն մը գրեթէ լեցուցած էր առաջնորդարանի «Համբար» սրահը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Զուարթնոց»ի ատենապետ տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան՝ ըսելով. «Հաւաքուած ենք ոգեկոչելու յիշատակը հայ երգահան, երգիչ, երաժիշտ-ազգագրագէտ, երաժշտագէտ, խմբավար, բանահաւաք, բանաստեղծ, մանկավարժ, դասախօս եւ երաժշտական առաջին միջազգային ընկերութեան հիմնադիր անդամներէն՝ եւ ամենայն հայոց երգի վեհափառ՝ Կոմիտաս վարդապետին»։

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Երեմիա վարդապետ Աբգարեան։ Հայր սուրբը իր իւրայատուկ ձայնով շատ հետաքրքրական ոճով հմայեց ներկաները եւ գրաւեց անոնց  ուշադրութիւնը։ Ան անդրադարձաւ Կոմիտասի (Սողոմոն Սողոմոնեան) կենսագրութեան։ Կոմիտաս ծնած է 26 Սեպտեմբեր 1869ն Քէօթահիա քաղաքին մէջ։ Ան մէկ տարեկանին կը կորսնցնէ իր մայրը եւ քանի մը տարիներ ետք՝ նաեւ իր հայրը։ Սողոմոնը 1881ին, Քէօթահիոյ առաջնորդական փոխանորդ Գէորգ վրդ. Դերձակեանին հետ կը մեկնի Ս. Էջմիածին եւ սան կը դառնայ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին, ուր  Կոմիտասի համար նոր կեանք մը կը սկսի։ 1896ին բարեգործ Ալեքսանդր Մանթաշեանի կրթաթոշակով ան կը մեկնի Պերլին եւ 1899ին կ՛աւարտէ Fredrich Willhelm համալսարանի փիլիսոփայական բաժինը եւ Richard Schmidt երաժշտանոցը։

Հայր Սուրբը յիշեց, թէ Կոմիտասը հայ երաշտութեան վերաբերող դասախօսութիւններով բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է Եւրոպայի եւ Արեւելքի շարք մը քաղաքներու մէջ (Փարիզ, Պերլին, Ցիւրիխ, Ժընեւ, Լօզան, Վենետիկ, Գահիրէ եւ այլն)։

Հայոց Ցեղասպանութիւնը ողբերգականօրէն կ՛ընդհատէ հանճարեղ երաժիշտին գործունէութիւնը։ Պոլսահայ մտաւորականներու հետ ան կը ձերբակալուի ու կ՛աքսորուի։ Որոշ ժամանակ ետք, Ամերիկայի դեսպան Մորկընթաուի միջնորդութեամբ՝ Կոմիտաս աքսորէն կ՛ազատի, սակայն, իր ապրած արհաւիրքին պատճառով ան կը կորսնցնէ իր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը եւ կը դադրի ստեղծագործելէ։ Ան իր կեանքի վերջին 16 տարիները կ՛անցընէ Փարիզի հոգեբուժական հաստատութիւններու մէջ։ Կոմիտաս վարդապետը իր մահկանացուն կը կնքէ 1935ին։

Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ վարպետ ջութակահար Սահակ Կարապետեան՝ նուագելով Կոմիտասի «Կռունկ»ը, «Կաքաւիկ»ը, եւ «Գելէ Գելէն»։

Ապա բազմակողմանի արուեստագէտ, երաժիշտ Վաչէ Մանկրեան դաշնակի վրայ ներկաներուն հրամցուց փունջ մը Կոմիտասի երաժշտութենէն՝ իր մշակումներով եւ արժանացաւ ներկաներուն բուռն գնահատանքին։

Երեկոն աւարտեցաւ Մանուկ Ա․ քահանայ Մարգարեանի սրտի խօսքով։ Ան շնորհաւորեց «Զուարթնոց» յանձնախումբը՝ այսպիսի որակաւոր մշակութային երեկոներ կազմակերպելուն համար, ապա «Պահպանիչով» աւարտեց երեկոն։

Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն, շարունակելու համար իրենց զրոյցները հիւրասիրութեան սեղանին շուրջ։ 

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2025, 08:11