Որոնել

Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովին նուիրուած համաժողով Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովին նուիրուած համաժողով  

Լիբանան. Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովին նուիրուած համաժողով

Մարոնի Պատրիարքական Աթոռին մօտ, Պքերքէ, կազմակերպուեցաւ տօնակատարութիւն մը՝ «Նիկիոյ Ժողովին Աստուածաբանութեան մօտեցումը՝ իբեւ Ընդհանուր Եկեղեցական Ժառանգութիւն» խորագրով:

Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովին (325 թ.) գումարումին 1700-ամեակին առթիւ, ուրբաթ, 14 նոյեմբեր 2025-ին, Մարոնի Պատրիարքական Աթոռին մօտ, Պքերքէ, կազմակերպուեցաւ տօնակատարութիւն մը՝ «Նիկիոյ Ժողովին Աստուածաբանութեան մօտեցումը՝ իբեւ Ընդհանուր Եկեղեցական Ժառանգութիւն» խորագրով:

Այս ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու Խորհուրդին կողմէ։

Տօնակատարութեան մասնակցեցան չորս Տիեզերական Եկեղեցիները, Լիբանանի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Պատրիարքներն ու շարք մը եպիսկոպոսներ, ինչպէս նաեւ Պապական Նուիրակ՝ Գերպծ. Փաոլօ Պորճան։

Ձեռնարկը ներառեց շարք մը դասախօսութիւններ եւ պսակուեցաւ միութենական միացեալ աղօթքով։ Եկեղեցապետերը յոյս յայտնեցին որ միացեալ ջանքերը շարունակուին ի սպաս Զատիկի տօնի միաւորման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2025, 11:28