Որոնել

2025.12.06 Armenia. Principi di emancipazione femminile in Armenia

«Կիներու հզօրացման սկզբունքները Հայաստանի մէջ». կարեւոր համաժողով՝ ներառական տնտեսական աճի խթանման համար

Այս միջոցառումը կը նպատակադրէր ամրապնդել համագործակցութիւնը Հայաստանի սեփական հատուածին եւ միջազգային կառոյցին միջեւ։ Համաժողովին նպատակն էր խորացնել ռազմավարական երկխօսութիւնը գործարար աշխարհի առաջնորդներու եւ «Կիներու հզօրացման սկզբունքները» ստորագրած ընկերութիւններու միջեւ՝ խթանելու համար ներառական տնտեսական աճը։

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է «Կիներու հզօրացման սկզբունքները Հայաստանի մէջ. ներառական եւ արդար տնտեսական աճի խթանում» (WEPs) խորագրով համաժողովը, որ կազմակերպուած էր ՄԱԿ-ի  կիներու հարցերու կազմակերպութեան կողմէ։

Այս միջոցառումը կը նպատակադրէր ամրապնդել համագործակցութիւնը Հայաստանի սեփական հատուածին եւ միջազգային կառոյցին միջեւ։ Համաժողովին նպատակն էր խորացնել ռազմավարական երկխօսութիւնը գործարար աշխարհի առաջնորդներու եւ «Կիներու հզօրացման սկզբունքները» ստորագրած ընկերութիւններու միջեւ՝ խթանելու համար ներառական տնտեսական աճը։

Համաժողովի ընթացքին մասնակից ընկերութիւնները, որոնց շարքին էր «Արարատ Պանք»-ը, կիսուած են իրենց փորձառութիւնները։ «Արարատ Պանք»-ը 2022-էն միացած է WEPs ծրագրին՝ նպատակ ունենալով զարգացնել կիներու տնտեսական հզօրացումը եւ բարձրացնել անոնց ներգրաւումը ղեկավար կազմերէն ներս։

Ինչպէս նշուած է զեկոյցներուն մէջ, արդիւնքները տպաւորիչ են՝ կին աշխատակիցներու համար առաջնորդութեան դասընթացներէն մինչեւ պաշտօնի բարձրացում  կամ ընդհանուր առմամբ՝ ասպարէզի մէջ յառաջխաղացում, ֆինանսական գրագիտութեան արշաւներ եւ կին ձեռներէցներու համար շահաւէտ պայմաններով վարկաւորում։

Շեշտուած է, որ WEPs սկզբունքներու կիրարկումը ոչ միայն կը բարձրացնէ կիներու դերը հասարակութեան մէջ, այլեւ կը նպաստէ համայնքներու եւ ընկերային պատասխանատւութեան զարգացման։

Համաժողովի աւարտին «Արարատ Պանք»-ին շնորհուած է «Կիներու հզօրացման սկզբունքները» ստորագրած ընկերութեան վկայագիր։

Լուրը՝ Նոր Յառաջէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2025, 13:37