Որոնել

Եւրոպայի խորհրդարանը Եւրոպայի խորհրդարանը  (REUTERS)

Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին՝ հիպրիտային եւ համացանցային սպառնալիքներու դէմ պայքարին մէջ

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են աջակցելու Հայաստանի կարողութիւններու ամրապնդման՝ բազմաբնոյթ (hybrid) եւ համացանցային (cyber) սպառնալիքներուն, ինչպէս նաեւ ապատեղեկատւութեան դէմ պայքարելու ուղղութեամբ։

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են աջակցելու Հայաստանի կարողութիւններու ամրապնդման՝ բազմաբնոյթ (hybrid) եւ համացանցային (cyber) սպառնալիքներուն, ինչպէս նաեւ ապատեղեկատւութեան դէմ պայքարելու ուղղութեամբ։

ԵՄ-ի մէջ Չեխիոյ մշտական ներկայացուցչութիւնը «X»-ի իր էջին վրայ կը հաղորդէ, որ նախարարները բարձր գնահատած են Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան գործընթացին մէջ արձանագրուած յառաջընթացը եւ Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնած բարեփոխումները։ Միեւնոյն ատեն, հաղորդագրութեան մէջ ուշագրաւ զգուշացում մը կատարուած է Ռուսաստանի վերաբերեալ. «Ռուսաստան պիտի փորձէ ազդել յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ»։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն. «Համագործակցութիւնը նոր չէ»

Անդրադառնալով ԵՄ-ի բարձր յանձնակատար Քայա Քալասի այն յայտարարութեան, թէ Երեւան աջակցութիւն խնդրած է 2026-ի ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ բազմաբնոյթ սպառնալիքներուն դիմադրելու համար, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Պատալեան բացատրութիւններ տուած է։

«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Պատալեան շեշտած է, որ Հայաստան-ԵՄ համագործակցութիւնը այս ոլորտէն ներս նոր չէ եւ կը կրէ շարունակական բնոյթ։ Ան յիշեցուցած է, որ ընթացքի մէջ են «Դիմադրականութիւն եւ աճ» ծրագիրը եւ ԵՄ առաքելութեան գործունէութիւնը։

Բանբերը հաստատած է, որ կան համատեղ քննարկումներ՝ ընտրական գործընթացներուն՝ ժողովրդավարական չափանիշերուն պատշաճեցումը ապահովելու եւ բազմաբնոյթ հաւանական սպառնալիքները չէզոքացնելու նպատակով, օգտագործելով ԵՄ-ի փորձառութիւնն ու գործիքակազմը։

Յիշեցնենք, որ նախապէս Քայա Քալաս նշած էր, որ ԵՄ-ը կրնայ Մոլտաւիոյ օրինակով աջակցութիւն տրամադրել Հայաստանին, ինչպէս նաեւ յայտարարած էր 15 միլիոն եւրոյի յատկացման մասին՝ խաղաղութեան եւ դիմադրականութեան ամրապնդման համար։

Լուրը՝ Նոր Յառաջէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2025, 07:30