Որոնել

2025.12.20 Evento Fine anno  Fondazione Karagozian

Մեծ շուքով տեղի ունեցած է Գարակէօզեան Հիմնարկութեան «Կանանց Հզօրացման Ծրագիր»ի Ամանորի միջոցառումը

Օրերս Պէյրութի մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցած է Գարակէօզեան Հիմնարկութեան «Կանանց Հզօրացման Ծրագիր»ի Ամանորեայ միջոցառումը։

Գարակէօզեան Հաստատութեան տիկինները մեծ ուրախութեամբ տօնեցին իրենց Ամանորը «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ՝ համայնքիս երեք հոգեւոր առաջնորդներու ներկայությամբ՝ Գերշ. Տ. Տաճատ Արք Աշըքեանի, Գերապայծառ Հայր Գրիգոր Եպս. Պատիշահի եւ Վերապատուելի Ռաֆֆի Մսրլեանի։ Միջոցառման մասնակցեցան նաեւ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի տնօրէն՝ Կրէկուար Գալուստը, Գարակէօզեան Հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը եւ հաստատութեան պաշտօնեաները։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ծրագրի պատասխանատու Ժանին Դանիէլեանը։ Տօնական յայտագիրը հարստացաւ հայ դպրոցներու աշակերտներու մասնակցութեամբ․

– Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի աշակերտները խմբերգով,

– Թէքէեան Վարժարանի աշակերտուհին՝ մենապարով,

– Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի «Շուշի» պարարումբը՝ հայկական պարերով, 

– Ազգային Միացեալ Վարժարանի աշակերտները՝ կենդանի պատկերով, ասմունքով, պարով ու նուագով՝ ներկայացնելով Արարատը։

Երեք հոգեւոր առաջնորդները իրենց օրհնութեան խօսքերն ու աղօթքները բարձրացուցին ։

Տնօրէն Սերոբ Օհանեանը, իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով տիկիններուն վստահութեան համար, ընդգծեց, որ այս տարի Գարակէօզեան Հաստատութիւնը կը նշէ իր 105-ամեակը, իսկ Լիբանանի Գարակէօզեանը՝ 85-ամեակը։ Ան յայտարարեց 85-ամեակի ծրագրերու մեկնարկը եւ այս առիթով ծրագրի պատասխանատու Ժանին Դանիէլեանին շնորհեց առաջին ոսկեայ յուշամետալը՝ հաուըրտ Գարակէօզեանի դիմանկարով՝ իր նուիրեալ ծառայութեան գնահատանքի համար։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2025, 12:17