Որոնել

Ինտոնեզիա, բնական աղէտ Ինտոնեզիա, բնական աղէտ  (AFP)

Ինտոնեզիոյ մէջ ողողումներու զոհերուն թիւը բարձրացաւ 950-ի, իսկ վիրաւորներունը` 5000-ի

Իշխանութիւններուն համաձայն, իրերայաջորդ փոթորիկներու պատճառած ողողումներուն ու հողի սահանքներուն պատճառով Իտոնեզիոյ, Սրի Լանքայի, Մալեզիոյ, Թայլանտի եւ Վիեթնամի մէջ զոհերուն թիւը առնուազն 1800 է:

Իտոնեզիոյ Սումաթրա կղզիին վրայ տեղի ունեցած ողողումներուն եւ հողի սահանքներուն հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացաւ 950-ի, իսկ վիրաւորներունը` 5000-ի: Մինչ տուներուն, ճամբաներուն եւ ենթակառոյցներուն հասած վնասը հսկայական է, 274 անձերու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ:

Իշխանութիւններուն համաձայն, իրերայաջորդ փոթորիկներու պատճառած ողողումներուն ու հողի սահանքներուն պատճառով Իտոնեզիոյ, Սրի Լանքայի, Մալեզիոյ, Թայլանտի եւ Վիեթնամի մէջ զոհերուն թիւը առնուազն 1800 է:

Արտակարգ իրավիճակի կառավարման կեդրոնի պետ Սուհար Եանթօ կիրակի երեկոյեան յայտնեց, որ Սումաթրա կղզիի երեք գաւառներու մէջ վերաշինութեան գինը 3,1 միլիառ տոլարով կը գնահատուի:

Լուրը՝ Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2025, 09:39