Որոնել

Մոսկուա Մոսկուա 

Քրեմլին. «Քիեւի ՕԹԱՆ-էն դուրս մնալը բանակցութիւններուն մէջ հիմնական կէտ է»

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն յայտնեց. «Այս հարցը հիմնականներուն շարքին է եւ յատուկ քննարկումի կը կարօտի»:

Քրեմլին երէկ յայտնեց, որ Քիեւի ՕԹԱՆ-էն դուրս մնալը պատերազմին վերջ տալու բանակցութիւններուն մէջ «հիմնական» կէտ է:

Նշենք, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնած էր, որ ՕԹԱՆ-ի կարգ մը անդամներ իր երկրին ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան կ՛ընդդիմանան:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն յայտնեց. «Այս հարցը հիմնականներուն շարքին է եւ յատուկ քննարկումի կը կարօտի»:

«Ռուսիան Միացեալ Նահանգներէն կը սպասէ մեզ տեղեակ պահել սկզբունքէն, որուն հիմամբ այսօր Պերլինի մէջ իր քննարկումը կը կատարէ», աւելցուց Փեսքով:

Բանակցութիւններուն քաջածանօթ պաշտօնատար մը երէկ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Ամերիկացի բանագնացները տակաւին կ՛ուզեն, որ Ուքրանիան, իբրեւ Ռուսիոյ հետ խաղաղութեան բանակցութիւններու պայման, հրաժարի Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններէն, որոնք Տոնպաս կը կոչուին»:

«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հողեր կ՛ուզէ», ըսած է պաշտօնատարը` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգները Ուքրանիայէն կը պահանջեն հեռանալ երկու շրջաններէն, եւ Քիեւ այս պահանջին չի համաձայնիր»:

«Որոշ չափով ուշագրաւ է, թէ ամերիկացիները այս հարցին մէջ կ՛որդեգրեն ռուսերուն դիրքորոշումը», նշած է պաշտօնատարը:

Լուրը՝ Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2025, 07:00