Որոնել

«Հովիւ Քրիստոս»ի խճանկարը «Հովիւ Քրիստոս»ի խճանկարը 

Նիկիոյ մէջ յայտնաբերուեցաւ Փոքր Ասիոյ «Հովիւ Քրիստոս»ի խճանկարը

Ըստ Arkeolojihaber-ի՝ այս յայտնագործութիւնը շատ կարեւոր գիւտ մըն է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ համաշխարհային հնագիտութեան համար։

Թուրքիոյ Պուրսա նահանգի Նիկիա շրջանի Քրիստոսէ ետք 3րդ դարուն պատկանող գերեզմանի մը մէջ գտնուեցաւ «Հովիւ Յիսուս Քրիստոս»ի խճանկարը, որ ցարդ Փոքր Ասիոյ մէջ յայտաբերուած  առաջին այսպիսի խճանկարը կը հանդիսանայ։

Ըստ Arkeolojihaber-ի՝ այս յայտնագործութիւնը շատ կարեւոր գիւտ մըն է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ համաշխարհային հնագիտութեան համար։

Կ՛ըսուի, թէ Հիսարտերէի հնագոյն գերեզմանատունը Քրիստոսէ ետք 2րդ եւ 5րդ դարերուն միջեւ օգտագործուած է թէ՛ հարուստ ընտանիքներու եւ թէ հասարակ ժողովուրդին կողմէ։

Գերեզմանին հիւսիսային պատին վրայ կը գտնուի վերոյիշեալ խճանկարը, որուն մէջ առանց մօրուքի եւ պարզ ծածկոցով երիտասարդ Յիսուս Քրիստոսը իր ուսերուն վրայ կը կրէ խոշոր եղջերուներով այծ մը. երկու կողմերը կան երկու ուրիշ այծեր։ Ասիկա, հազուագիւտ պարագայ մըն է, երբ Քրիստոս նկարագրուած է հռոմէացիի մը կերպարանքով։

Լուրը՝ Ասպարէզէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2025, 08:28