Որոնել

2023.03.02 Gulbenkian

Կարեւոր նախաձեռնութիւն մը Սփիւռքէն. Հիմնադրուած է «Սփիւռքեան Հեռանկարներ»ը

Նման հարթակ մը ստեղծելու գաղափարը ծագած է 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ետք, երբ հայութիւնը սկսաւ դիմագրաւել շարք մը տարերային տագնապներ։ Այդ օրերուն Ժընեւի համալսարանի պատմութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս Վիգէն Չըթըրեանի հետ տեղի ունեցած քննարկումներէն ծնած է այս նախաձեռնութեան բուն գաղափարը։

Այսօր Լոնտոնի մէջ  կը ներկայացուի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան «Սփիւռքեան Հեռանկարներ» նոր նախաձեռնութիւնը, որուն մասին հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան յայտարարեց՝ երէկ կայացած առցանց մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։

Նման հարթակ մը ստեղծելու գաղափարը ծագած է 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ետք, երբ հայութիւնը սկսաւ դիմագրաւել շարք մը տարերային տագնապներ։ Այդ օրերուն Ժընեւի համալսարանի պատմութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս Վիգէն Չըթըրեանի հետ տեղի ունեցած քննարկումներէն ծնած է այս նախաձեռնութեան բուն գաղափարը։

Աշխատանքները արդէն սկսած էին, եւ այս տարի Չըթըրեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսան երկու արժէքաւոր ակադեմական հատորներ՝ «44 պարտութիւն» եւ «Կոտրած վահան», որոնք կը ներկայացնեն բազմաթիւ հեղինակներու վերլուծութիւնները՝ անդրադառնալով յետպատերազմական շրջանի ամենահրատապ մտահոգութիւններուն։

Ինչպէս կատարուած աշխատանքները, այնպէս էլ 2019-ին սկսած եւ 2023-ին աւարտած մեծածաւալ սփիւռքեան հարցախոյզը (որուն շրջանակին մէջ հարցազրոյցին պատասխանած են շուրջ 13 հազար սփիւռքահայեր), հիմք պիտի հանդիսանան ստեղծուող նոր հարթակի ռազմավարութեան համար։

Փանոսեան նշեց, որ համակողմանի վերլուծութիւնը եւ ճիշդ հետեւութիւնները այս նախաձեռնութեան համար կենսական առաջնահերթութիւններ են։ Հիմնական ուղղութիւնները պիտի ըլլան Հայաստան–Սփիւռք փոխյարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի վերազգային զարգացումներուն անդրադառնալը։

«Սա ոչ միայն հետազօտական, այլ ապագային ուղղուած ծրագիր մըն է»,— ըսաւ ան։

Նախագիծի տնօրէն Վիգէն Չըթըրեան կարեւորեց փաստը, որ սփիւռքը ինքնին ազգային հսկայ արժէք է՝ մշակութային, պատմական եւ մարդկային։ Ան ընդգծեց, որ վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին տեղի ունեցած փոփոխութիւնները պէտք է խորքով ուսումնասիրուին՝ հասկնալու համար թէ ո՛ւր կը գտնուի այսօր հայութիւնը եւ ի՞նչ մարտահրաւէրներ ունին համայնքները։

Ան նշեց, որ սփիւռքը ոչ միայն փոխուած է, այլ նաեւ մեծապէս տեղափոխուած՝ հաշուի առնելով Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներու ներկայ իրավիճակը եւ արտագաղթի ալիքները դէպի այլ երկիրներ։ Միեւնոյն ժամանակ ստեղծուած են նոր համայնքներ, որոնք թէեւ որոշ տեղեր թուլացուցած են սփիւռքեան հին տեղանքները , բայց միաժամանակ մէջտեղ եկած են նոր հնարաւորութիւններ։ Նախաձեռնութեան նպատակն է այս բոլոր փոփոխութիւնները արժանաւոր կերպով վերլուծել։

Չըթըրեանի խօսքով, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն անհրաժեշտ է նայիլ նաեւ դուրսէն, որովհետեւ Երեւանի ներքին դիտանկիւնը միշտ չէ, որ համահայկական տեսլական կը ներկայացնէ։

Նախագիծի ծիրին մէջ նախատեսուած են հանդիպումներ սփիւռքի կարեւոր կազմակերպութիւններու եւ անհատներու հետ՝ լսելու տարբեր կարծիքներ, առաջարկներ, եւ այս բոլորը ընելու առանց քաղաքականացնելու, որովհետեւ նախաձեռնութիւնը քաղաքական գործունէութիւն պիտի չծաւալէ։

Պատասխանելով հարցումի  մը, թէ ինչպէս կարելի է երաշխաւորել, որ աշխատանքները լայն ազդեցութիւն ունենան սփիւռքեան հանրութեան վրայ, Չըթըրեան պատասխանեց, որ ամենակարեւորը՝ պարզելն է գլխաւոր հարցերը եւ խճողուած վիճակը հասկնալը։

«Մենք պէտք է պայքարինք, որ մեր աշխատանքի արդիւնքները հասանելի դառնան շատերուն, եւ կը յուսամ, որ Հայաստանը եւ Սփիւռքը իրարու կապող կարեւոր կամուրջներէն մէկը պիտի դառնանք»։

Փանոսեան աւելցուց, որ լուրջ ազդեցութիւն ունենալու համար բովանդակութիւնը պէտք է ամուր հիմքերու վրայ կառուցուի։ Հետեւաբար, նախաձեռնութեան ղեկավարման համար ընտրուած է ակադեմական փորձառութիւն ունեցող Վիգէն Չըթըրեանը։ Նախաձեռնութիւնը կրնայ էքաղաքական ազդեցութիւն ունենալ, բայց չի ներգրաւուիր քաղաքական աշխատանքի մէջ, քանի որ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը նման գործունէութիւն չի ծաւալեր։

Ընդհանուր առմամբ, արդիւնքներու տեսանելիութիւնը ատքան արագ պիտի չըլլայ․ ըստ Փանոսեանի՝ քանի մը տարի պիտի պահանջուի, մինչեւ աշխատանքի արդիւնքները համահայկական մակարդակով շօշափելի դառնան։

Նախաձեռնութեան պատասխանատուները յայտնեցին, որ բաց են համագործակցութեան համար թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի կառոյցներու եւ հանրութեան հետ։

Ըստ Չըթըրեանի, կարեւոր է նաեւ, որ Արեւմուտքի հայկական համայնքները ճիշդ ձեւով հնչեցնեն իրենց դերը եւ «լեզուն»։ Քաղաքական զանազան ուժեր, եղանակներու տարբերութեամբ հանդերձ, պէտք է կարողանան աշխատիլ համատեղ՝ պատասխանատու քաղաքական մշակոյթ ձեւաւորելու համար։

Նախատեսուած են առցանց սեմինարներ, հանդիպումներ, լրագրողական եւ ակադեմիական հետազօտութիւններ։ Նախաձեռնութիւնը առայժմ գրասենյակ չունի ոչ Հայաստանի ոչ ալ արտերկրի մէջ, եւ հետզհետէ պիտի համակարգուի հեռավար կերպով։

Փանոսեան ընդգծեց, որ թէեւ նախաձեռնութիւնը կը հովանաւորէ Հիմնարկութիւնը, սակայն ան կը պահպանէ ամբողջական անկախութիւնը, եւ հիմնադրամը չի միջամտեր հետազօտութիւններու վերջին հետեւութիւներուն՝ նոյնիսկ եթէ անոնք տարբերին իրենց  սեփական կարծիքէ։

Չըթըրեանը աւելցուց, որ սփիւռքի բոլոր շերտերուն հասնիլ գործնականօրէն անհնար է, սակայն պիտի աշխատին մասնագէտներու հետ եւ հաւասարակշիռ ձեւով օգտագործեն իրենց սահմանափակ միջոցները։

Ընդհանուր առմամբ, նախաձեռնութիւնը կրնայ  դառնալ կարեւոր խթան՝ համազգային օրակարգ ձեւաւորելու եւ Հայաստան–Սփիւռք համատեղ աշխատանքներու նոր փուլ մը բանալու համար։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2025, 08:16