Որոնել

Pope Leo XIV visits Lebanon

Ռայի Պատրիարք. «Իսրայէլի բանակցութիւնները ընդունիլը լաւ նշան է, այսօրուան լեզուն Դդւանագիտութեան լեզուն է, եւ ոչ ոք Պատերազմ կ՛ուզէ»

Մարոնիներու պատրիարքը նշեց, որ Լիբանան կ՛ապրի խաղաղութեան ժամանակաշրջան մը, որուն պէտք է կառչի` ընդգծելով, որ տագնապներու եւ բախումներու ժամանակաշրջանը կրնայ աւարտիլ:

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ պատերազմի վերսկսումէն չի վախնար` նշելով, որ ներկայ փուլին որդեգրուած է բանակցութեան, դիւանագիտութեան եւ քաղաքականութեան լեզուն, եւ ոչ ոք պատերազմ կ՛ուզէ:

Պատրիարքին կարծիքով` Իսրայէլի բանակցութիւնները ընդունիլը դրական նշան կը նկատուի` աւելցնելով, որ ամերիկացիք կարող են Իսրայէլի վրայ ազդել, մինչ լիբանանեան բանակը իր պարտականութիւնը կը կատարէ եւ պէտք եղածին պէս վերահսկողութեան տակ կ՛առնէ Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող շրջանին մէջ կացութիւնը:

Մարոնիներու պատրիարքը նշեց, որ Լիբանան կ՛ապրի խաղաղութեան ժամանակաշրջան մը, որուն պէտք է կառչի` ընդգծելով, որ տագնապներու եւ բախումներու ժամանակաշրջանը կրնայ աւարտիլ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2025, 08:21