Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ   (ANSA)

Սալամ. «Թող Պապին այցելութիւնը աշխարհին յիշեցնէ Լիբանանի խաղաղութիւնն ու բարգաւաճումը վերականգնելու անհրաժեշտութեան մասին»

«Թող այս այցելութիւնը լաւ ազդեցութիւն ունենայ լիբանանցիներու սրտերուն եւ մտքերուն վրայ եւ նպաստէ աշխարհին յիշեցնելու Լիբանանի անվտանգութիւնն ու բարգաւաճումը վերականգնելու անհրաժեշտութեան մասին»:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Բոլոր լիբանանցիները, իրենց տարբեր պատկանելիութիւններով, կ՛ողջունեն նորին սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. պապը: Եթէ անոր Լիբանան այցելութիւնը նախ եւ առաջ եկեղեցական իրադարձութիւն է, սակայն անիկա նաեւ անոր տառապող ժողովուրդին, մասնաւորաբար անոր երիտասարդութեան եւ խաղաղութեան ձգտումին ու իրաւունքին զօրակցութեան այցելութիւն է:

«Անոր հետ հանդիպումիս ընթացքին անոր ներկայացուցի Լիբանանը իր ճգնաժամէն փրկելու կառավարութեան ջանքերը, եւ անհրաժեշտութիւնը աշխուժացնելու ջանքերը անոր կայունութիւնը եւ անոր բոլոր զաւակներուն անվտանգութիւնը ապահովելու:

«Թող այս այցելութիւնը լաւ ազդեցութիւն ունենայ լիբանանցիներու սրտերուն եւ մտքերուն վրայ եւ նպաստէ աշխարհին յիշեցնելու Լիբանանի անվտանգութիւնն ու բարգաւաճումը վերականգնելու անհրաժեշտութեան մասին»:

Վարչապետը երէկ Պիելի մէջ Լեւոն ԺԴ. պապի պատարագէն առաջ ալ «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ բոլորս ալ սէր եւ գործընկերութիւն ենք, եւ ամբողջ շրջանին մէջ խաղաղութեան հետ»:

«Լիբանանի վրայ միշտ ալ վախ կայ, սակայն անհրաժեշտ ամէն ինչ կը կատարենք որեւէ մագլցում կամ պատերազմ կանխարգիլելու համար», նշեց Սալամ:

Լուրը՝ Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2025, 11:00