Որոնել

Միացեալ Նահանգներ, Ուշաշինկթոն Միացեալ Նահանգներ, Ուշաշինկթոն  (THE NEW YORK TIMES)

Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տունը ջնջեց «Սիզըր»-ի օրէնքը

Օրինագիծին համաձայն, Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջումը ենթակայ է որոշ պայմաններու` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը 90 օրուան ընթացքին Քոնկրեսի յանձնախումբերուն նախնական զեկուցում մը պիտի ներկայացնէ, ապա 4 տարուան ընթացքին իւրաքանչիւր 180 օրուան ընթացքին:

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը ջնջեց «Սիզըր»-ի օրէնքը, որ Սուրիոյ դէմ հաստատուած էր: Պալատը մեծամասնութեամբ թեր քուէարկեց ազգային պաշտպանութեան պիւտճէի նախագիծին, որուն մաս կը կազմէր «Սիզըր»-ի օրէնքի կէտը:

Օրինագիծին համաձայն, Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջումը ենթակայ է որոշ պայմաններու` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը 90 օրուան ընթացքին Քոնկրեսի յանձնախումբերուն նախնական զեկուցում մը պիտի ներկայացնէ, ապա 4 տարուան ընթացքին իւրաքանչիւր 180 օրուան ընթացքին:

Ներկայացուցիչներու պալատը նշեց, որ Սուրիան պէտք է «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարին մէջ շօշափելի քայլեր որդեգրէ, յարգէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, դրացի երկիրներու դէմ զինուորական միակողմանի քայլերէ ետ կանգնի, դրամներու լուացման ու ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքարի, հաշուետուութեան ենթարկէ նախկին վարչակարգի օրերուն մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրները եւ պայքարի թմրեցուցիչներու արտադրման դէմ»:

Քոնկրեսի ստորին պալատը ընդգծեց, որ եթէ այս պայմանները զեկուցումներու իրերայաջորդ երկու շրջաններու ընթացքին չյարգուին, կարելի է որոշ կողմերու դէմ դարձեալ պատժամիջոցներ հաստատել:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց պատժամիջոցներու ջնջումը եւ զայն նկատեց «ուղղակի քայլ մը, որ արդիւնք է անցնող ամիսներուն նախագահ Ահմետ Շարհի տեսլականով Միացեալ Նահանգներու հետ սուրիական կառավարութեան ղեկավարած շինիչ դիւանագիտութեան»:

«Այս զարգացումը առանցքային պահ է վստահութեան վերականգնման եւ գործակցութեան նոր էջ բանալու, ինչ որ ճամբայ կը հարթէ տնտեսական աւելի լայն առողջացման եւ առիթներու վերականգնման, որոնցմէ սուրիացի ժողովուրդը տարիներով զրկուած է: Այս քուէարկութիւնը, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտին մէջ յաջորդ շաբաթ սպասուող քուէարկութիւնը հիմը պիտի դնեն ներածման, հիմնական նիւթերու եւ բժշկական սարքերու ներածման, վերաշինութեան ծրագիրներու պայմաններու ստեղծման ու ազգային տնտեսութեան աշխուժացման փուլի», նշեց նախարարութիւնը:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց, որ կը շարունակէ ի շահ սուրիացի ժողովուրդին մնացեալ պատժամիջոցներու ջնջման համար իր ժրաջան աշխատանքը եւ իր գնահատանքը կ՛արտայայտէ բոլոր անոնց, որոնք նպաստած են այս արդիւնքին` յոյս յայտնելով, որ Ծերակոյտին մէջ քուէարկութիւնը յանգեցնէ բոլոր պատժամիջոցներու ջնջման եւ Սուրիոյ ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ գործակցութեան նոր հորիզոններու բացման:

Լուրը՝ Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2025, 07:00