Որոնել

ARMENIA-AZERBAIJAN-CONFLICT-POLITICS-DEMONSTRATION

Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը վտանգու՞ած է. IODA նախաձեռնութեան նախնական գնահատականը

«Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան միջազգային դիտարան» (IODA) նախաձեռնութեան նախնական գնահատականը՝ 2026-ի Յունիսին նախատեսուած ընտրութիւններէն առաջ

«Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան միջազգային դիտարան» (IODA) կը նշէ, թէ Հայաստանի մէջ քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու միջավայրը վատթարացած է, ինչ որ կասկածի տակ կը դնէ ազատ եւ արդար ընտրութիւններու հնարաւորութիւնը։

Կառավարութիւնը կը մեղադրուի դատական համակարգին, անվտանգութեան կառոյցներուն եւ կրօնական հաստատութիւններուն վրայ միջամտելու, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիրներու նկատմամբ քաղաքականացուած հետապնդումներ իրականացնելու մէջ։

Նախնական գնահատականը կը շեշտէ հետեւեալ մտահոգութիւնները՝

  • ընդդիմադիր գործիչներու եւ հոգեւորականներու ձերբակալութիւններ ու կալանքներ,

  • դատական համակարգի անկախութեան թուլացում,

  • խօսքի ազատութեան սահմանափակում՝ անորոշ օրէնքներու կիրառմամբ,

  • պետական կառոյցներու օգտագործում՝ ընդդիմութեան դէմ։

IODA-ն նաեւ կը քննադատէ միջազգային դերակատարները՝ նշելով, որ անոնք աւելի կը կեդրոնանան քաղաքական արդիւնքներու վրայ, քան ժողովրդավարութեան պահպանման վրաղ։

Միաժամանակ կը նշուի, թէ արտաքին ուժեր փորձած են ազդել ընտրական գործընթացին վրայ։

Եզրակացութիւնը այն է, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը վտանգուած է, եւ անհրաժեշտ է ապահովել իրական ազատ ու արդար ընտրութիւններ՝ քաղաքացիներու իրաւունքները յարգելով։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2026, 09:08