Որոնել

2026.03.30 Festa dell'ingresso di Gesù a Gerusalemme ad Antelias

Ծաղկազարդի տօնը Անթիլիասի մէջ

Աւանդութեան համաձայն, Վեհափառ Հայրապետը մանուկներն ու անունց ծնողները ընդունեց վեհարանին մէջ, տուաւ իր հայրապետական օրհնութիւնը եւ իւրաքանչիւր փոքրիկի նուիրեց Ծաղկազարդի տօնին առիթով պատրաստուած նուէր:

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ՝ Ծաղկազարդը, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ ներկայութեամբ մեծ թիւով հաւատացեալներու եւ մանուկներու ու պատանիներու, Կիրակի, 29 Մարտ 2026-ին։

Այս տարի, դժբախտաբար, կարելի չեղաւ կազմակերպել մանուկներու հսկայ թափօրը՝ կլիմային աննպաստ ըլլալուն պատճառով։

Ուստի, Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցման ընթացքին, պատարագիչ սրբազան հայրը՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան (Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ), հաւատացեալներուն ուղղելով իր խօսքը՝ ըսաւ, որ ընկալեալ աւանդութեան համաձայն, այս օրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ հռչակուած է «Տէրունական»՝ Քրիտսոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքով. այս տօնը նաեւ նուիրուած է մեր մանուկներուն, որոնք Տէրը դիմաւորելու եւ Տիրոջ ներկայութիւնը ուրախութեան ու ցնծութեան պահուան վերածելու պատկերը կ՚առնեն Աւետարանէն: Սրբազան հայրը յորդորեց ներկաները, որ Սուրբ Պատարագի մատուցման ընթացքին մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի ըլլալով՝ աղօթեն, որ իսկապէս օրհնեալ ըլլայ Տէր Յիսուս Քրիստոսը, որպէսզի գայ եւ փրկէ մեզ պատերազմի կացութենէն։ Շահան արքեպիսկոպոս իր խօսքը եզրափակեց՝ աղօթելով. «Տիրոջ շնորհքը եւ ողորմութիւնը բոլորիս հետ ըլլայ»։

Աւանդութեան համաձայն, Վեհափառ Հայրապետը մանուկներն ու անունց ծնողները ընդունեց վեհարանին մէջ, տուաւ իր հայրապետական օրհնութիւնը եւ իւրաքանչիւր փոքրիկի նուիրեց Ծաղկազարդի տօնին առիթով պատրաստուած նուէր:

Նշենք, որ վեհարանին զարդարանքը Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի կամաւորներուն աշխատանքի արդիւնքն էր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2026, 10:11