Որոնել

«Մայատին»-ի լրագրողներ. Ֆաթմէ Ֆթունի ՄաԱլի Շհէյպ Իսրայէլեան յարձակումի զոհ «Մայատին»-ի լրագրողներ. Ֆաթմէ Ֆթունի ՄաԱլի Շհէյպ Իսրայէլեան յարձակումի զոհ  (ANSA)

«Մայատին»-ի Լրագրող Ֆաթմէ Ֆթունի Եւ «Մանար»-ի Լրագրող Ալի Շհէյպ Իսրայէլեան յարձակումի զոհ

Իսրայէլեան յարձակումի թիրախ դարձած է Ժեզզինի ճամբան, որուն պատճառով զոհուած են չորս հոգի, որոնց շարքին են «Մայատին» եւ «Մանար» կայաններու լրագրողներ Ֆաթմէ Ֆթունն ու Ալի Շհէյպը։ Լիբանանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը՝ նախագահ Աունը, խորհրդարանի նախագահ Պըրրին եւ վարչապետ Սալամը, խստօրէն դատապարտած են լրագրողներու այս սպանութիւնը։

Իսրայէլ նախանցեալ օր Ժեզզինի ճամբուն վրայ հարուածեց ինքնաշարժ մը` պատճառելով չորս զոհեր, որոնցմէ երկուքը լրագրողներ էին:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը յայտարարեց, թէ իր լրագրողներէն Ֆաթմէ Ֆթունի հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յարձակումի զոհ գացած է:

«Մանար» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին յայտարարեց, թէ իր լրագրողներէն Ալի Շհէյպ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յարձակումի զոհ գացած է:

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ դատապարտեցին լրագրողներուն սպանութիւնը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2026, 10:00