Որոնել

Լիբանան, խաղաղապահ ուժեր Լիբանան, խաղաղապահ ուժեր  (AFP or licensors)

Հարաւային Լիբանանի մէջ անծանօթ Ռումբի մը պայթումին պատճառով խաղաղապահ զինուոր մը սպաննուած է, ուրիշ մը ծանրօրէն վիրաւորուած

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերը (ՖԻՆԻՒԼ) հետաքննութիւն սկսած են Ատշիթ Քուսէյրի մօտ տեղի ունեցած ռմբակոծման պատճառով, որուն հետեւանքով ինտոնեզացի խաղաղապահ մը սպաննուած է, իսկ ուրիշներ վիրաւորուած: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարն ու ՖԻՆԻՒԼ-ը խստօրէն դատապարտած են միջադէպը՝ կողմերէն պահանջելով յարգել միջազգային օրէնքը եւ երաշխաւորել խաղաղապահներու անվտանգութիւնը։

ՖԻՆԻՒԼ երէկ յայտարարեց, թէ խաղաղապահ զինուոր մը սպաննուած է, եւ ուրիշ մը ծանրօրէն վիրաւորուած, երբ Ատշիթ Քուսէյր գիւղին մօտ ՖԻՆԻՒԼ-ի դիրքի մը մէջ ռումբ մը պայթած է:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժը նշեց, որ միջադէպի ծալքերու բացայայտման համար հետաքննութեան ձեռնարկած է եւ մինչեւ հիմա չի գիտեր ռումբին աղբիւրը:

ՖԻՆԻՒԼ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` յարգելու միջազգային օրէնքը եւ մնայուն կերպով երաշխաւորելու ՄԱԿ-ի անդամներու եւ կառոյցներու անվտանգութիւնը, ներառեալ` ետ կանգնելու որեւէ արարքէ, որ խաղաղապահ զինուորները կրնայ վտանգել:

Խաղաղապահ ուժը նշեց, որ խաղաղապահ զինուորներու վրայ դիտաւորեալ յարձակումները միջազգային մարդասիրական օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի սկզբունքներու մեծ խախտումներ կը նկատուին, ինչպէս նաեւ պատերազմական ոճիրներու համազօր են:

ՖԻՆԻՒԼ յայտնեց, որ այս հակամարտութեան ընթացքին երկու կողմերէն շատ կեանքեր կորսուեցան` շեշտելով, որ զինուորական լուծում գոյութիւն չունի, եւ անհրաժեշտ է այս բռնութեան վերջ տալ:

Ինտոնեզիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի մէջ ծառայող իր զինուորներէն մէկը սպաննուած է, եւ երեք ուրիշներ վիրաւորուած են, երբ 29 մարտին Ատշիթ Քուսէյրի մօտ ՖԻՆԻՒԼ-ի դիրքին մերձակայքին դէմ հրետանիով անուղղակի ռմբակոծում տեղի ունեցած է:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ դատապարտեց դէպքը` նշելով, որ անիկա խաղաղապահներու կեանքը վտանգած նոր դէպքերու շարքին մաս կը կազմէ:

Կութերեշ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` յարգելու միջազգային օրէնքը եւ ամէն պահու երաշխաւորելու ՄԱԿ-ի անձնակազմի եւ կալուածներու անվտանգութիւնը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2026, 09:00