Կեանք-Պարգեւը - Ճաթած Դոյլը - Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան
Ճաթած Դոյլը
Չին ծեր կին մը երկու մեծ դոյլ ունէր եւ զանոնք ձողի մը երկու ծայրերուն ամրացուցած ու վիզէն կախած` կը քալէր: Դոյլերէն մին ճաթած էր, մինչ միւսը կատարեալ էր եւ ամբողջ ջուրը տեղէ-տեղ կը փոխադրէր` առանց նոյնիսկ կաթիլ մը թափելու. իսկ ճաթած դոյլը մինչեւ աղբիւրէն տուն հասնէր, ջուրին կէսը թափած կ՛ըլլար:
Ամբողջ երկու տարի, ամէն օր, կինը մէկուկէս դոյլ ջուր բերաւ տուն: Անշուշտ կատարեալ դոյլը հպարտ էր իր արձանագրած յաջողութեամբ, սակայն ճաթած դոյլը կ՛ամչնար եւ կը նեղուէր իր ձախողութենէն, որովհետեւ իրեն վստահուած գործը կիսով կը կատարէր:
Երկու տարի ետք ճաթած դոյլը այլեւս չհանդուրժեց եւ աղբիւրին քով ըսաւ կնոջ. «Որովհետեւ մինչեւ տունդ հասնիլը ջուրին կէսը կը թափեմ, կ՛ամչնամ այս արարքէս»:
Ծեր կինը ժպտաց եւ պատասխանեց. «Չտեսա՞ր, որ ճամբուն քու կողմդ ծաղիկներ բուսած են, մինչդեռ միւս կողմը չոր է: Գիտնալով, որ ճաթած դոյլէս մաս մը ջուր պիտի հոսի, ես ծաղիկի հունտեր ցանեցի քու կողմդ եւ ահաւասիկ դուն ամէն օր զանոնք ջրեցիր: Ամբողջ երկու տարի ես այս գեղեցիկ ծաղիկները քաղեցի եւ անոնցմով սեղանս զարդարեցի: Եթէ իմ ճաթած դոյլս գոյութիւն չունենար, տունս գեղեցկութեամբ պիտի չլեցուէր»:
Աստուած իւրաքանչիւրս գոնէ շնորհով մը օժտած է: Սակայն իւրաքանչիւրիս իրագործումներով եւ ձախողութիւններով կեանքը հետաքրքրական եւ իմաստալից կը դառնայ: Մեր պարտականութիւնն է մեր նմանները ընդունիլ ինչպէս որ են եւ անոնց բարութիւնն ու բարիքները գնահատել:
Իմ բոլոր ճաթած ընկերներուս բարի օր կը մաղթեմ: Չմոռնաք ձեր ճամբուն կողմը գտնուող ծաղիկները հոտոտալու…
Կիները Եւ Այրերը
Կիները ծառին վրայ գտնուող խնձորներուն պէս են: Անոնց լաւագոյնները ծառին գագաթը կը գտնուին: Շատ մը այրեր չեն ուզեր զանոնք քաղել, որովհետեւ կը վախնան, որ եթէ ծառը մագլցին, կրնան իյնալ եւ վիրաւորուիլ: Աւելի՛ն. անոնք յաճախ գետին թափած խնձորները կը հաւաքեն, որոնք, թէեւ ծառին վրայ եղողներուն պէս համեղ եւ աղուոր չեն, սակայն դիւրաքաղ են: Ծառին գագաթը գտնուող խնձորները կը խորհին, թէ իրենք համեղ չեն, թէեւ իրականութիւնը այն է, որ իրենք ամէնէն համեղն են, սակայն պէտք է սպասեն, որ ճիշդ եւ քաջ այրը գայ, ծառին գագաթը մագլցի եւ քաղէ զիրենք:
Իսկ այրերը ընտիր գինիին պէս են: Անոնք նախ խաղող կ՛ըլլան, եւ երբ կիներ լաւ մը կը կոխկռտեն ու կը ճզմեն զիրենք, ճաշասեղան դրուելիք գինիի կը վերածուին:
Աթէնք, 15 մարտ 2026
(Ազատ եւ խտացեալ թարգմանութիւն անգլերէն յօդուածէ մը):
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ