Որոնել

2026.03.22 Giornata Alleanza di Antelias, Veglia di preghiera

Հսկումի արարողութիւն Անթիլիասի Ուխտի Օրուան առիթով

Անդրադառնալով այս տարուան հայրապետական հռչակագիրին՝ «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»ին, Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը անդրադարձաւ ներկայ դարուս արժէքներու նահանջին եւ հրաւիրեց հաւատացեալները ապրելու աստուածաշնչական արժէքներով եւ Աստուածաշունչը ունենալու մեր կեանքի կեդրոնին։

Անթիլիասի Ուխտի Օրուան առիթով, Շաբաթ, 21 Մարտ 2026-ի իրիկուան ժամը 07։00-ին, ուխտաւորներ եւ հաւատացեալներ հաւաքուած էին Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար, որպէսզի մասնակից դառնան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին հանդիսապետած հսկումի արարողութեան, կատարեն իրենց ուխտի աղօթքները եւ լսեն Հայրապետին պատգամը։ Հսկումի արարողութեան սպասարկութիւնն ու երգեցողոթիւնը կատարեցին Դպրեվանքի աշակերտները։ Աւարտին Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց օրուան խորհուրդէն եկող պատգամը։

Նորին Սրբութիւնը գոհութիւն ու փառք տուաւ Աստուծոյ, որ այս տարի եւս այս օրհնաբեր առիթը ընծայեց հաւաքաբար նշելու սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին՝ մեր եկեղեցւոյ առաջին հայրապետին եւ մեծ սուրբին, մուտն ի վիրապի յիշատակութիւնը, որ միաժամանակ Անթիլիասի Ուխտի Օրն է։

Հայրապետը խօսեցաւ սուրբերուն դերակատարութեան մասին՝ դիտել տալով, որ անոնք եկեղեցւոյ կեանքին մէջ մարդկային կեանքի խաւար երկինքին վրայ լուսաւոր աստղեր են, որոնք կը լուսաւորեն մեր կեանքը։ «Սուրբերը մարդկային կեանքի մոլոր ճամբաներուն դիմաց մեզ ճշմարիտ ճամբան առաջնորդող Քրիստոսի վկաներն են, բարեխօս են՝ մեր աղաչանքը Քրիստոսի ներկայացնող, Քրիստոսի դեսպաններն են մեր կեանքին մէջ՝ մեր կեանքին ճիշդ ուղղութիւն տուող, Քրիստոսի ներկայութեամբ՝ մեր կեանքը պայծառակերպող։ Այսպէ՛ս եղաւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ»։

Մէջբերելով հայ եկեղեցւոյ ժամամուտէն Լուսաւորիչ հայրապետին նուիրուած նկարագրութիւնը՝ յայտնեց, որ անոր բառերուն մէջ խտացուած է մեր հաւատքի հօր առաքելութիւնը, Լուսաւորիչին՝ մեր ժողովուրդը դէպի Աստուածգիտութիւն Լոյսը առաջնորդելը։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ մարդ արարածը նիւթեղէն իրականութիւն չէ, որովհետեւ մարդը իր էութեամբ հոգեւոր իրականութիւն է, եւ ճիշդ անոր համար մարդկային կեանքին իմաստ, ինքնութիւն, ուղղութիւն եւ նպատակ տուողը հոգեւոր արժէքներն են։ Ան հարց տուաւ, որ ի՞նչ պիտի ըլլար մեր կեանքը առանց հոգեւոր արժէքներու ներկայութեան եւ բացատրեց Քրիստոսի «ով որ ինծի կը հաւատայ, թող իր անձը ուրանայ, խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ» պատգամը։ Նորին Սրբութիւնը իր հոգեւոր խորհրդածութեան մէջ լայնօրէն անդրադաձաւ «անձը ուրանալ»ուն, որ կ՚ենթադրէ մեր անձը մեր կեանքին միակ նպատակը չտեսնել, այլ ուրիշը՝ աղքատը, կարիքաւորը, հիւանդը, տառապողը, տագնապողը, զրկուածը, հալածուածը մեր կեանքին մէջ նկատի ունենալ եւ զանազան ձեւերով օգնել։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ «խաչը ուսը առնել» կը նշանակէ պատրաստ ըլլալ տառապելու, տագնապելու, սիրելու, զոհուելու, ծառայելու մեր անձերէն վեր, մեր անձերէն անդին նուիրուական ու սրբազան արժէքներու համար։ «Ա՛յս կը սպասէ Քրիստոս մեզմէ։ Հո՛ս կը կայանայ հոգեւոր կեանքին իմաստն ու նպատակը։ Այսպէ՛ս ըսաւ Քրիստոս։ Եւ այսօր Աստուածաշունչի ուսուցումներուն, պատգամներուն հիմնական նպատակը Քրիստոսը ապրիլ է մեր կեանքին մէջ», հաստատեց ան։

Անդրադառնալով այս տարուան հայրապետական հռչակագիրին՝ «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»ին, Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը անդրադարձաւ ներկայ դարուս արժէքներու նահանջին եւ հրաւիրեց հաւատացեալները ապրելու աստուածաշնչական արժէքներով եւ Աստուածաշունչը ունենալու մեր կեանքի կեդրոնին։ Ահաւասիկ հոգեւոր կեանքի ճշմարիտ ըմբռնումը։ Քրիստոնեայ մարդուն կեանքը որակ ունեցող կեանք պէտք է ըլլայ եւ այդ որակը մենք կը ստանանք հոգեւոր արժէքներու ներկայութեամբ եւ մեր կեանքէն ներս անոնց կենսագործումով, նշեց Հայրապետը։ «Թող Լուսաւորիչ հայրապետին մուտն ի վիրապի յիշատակութիւնը եւ Անթիլիասի Ուխտի Օրը առիթ ըլլան մեզմէ իւրաքանչիւրին յիշեցնելու, թէ մեր կեանքը կը դառնայ անիմաստ ու աննպատակ, երբ հոգեւոր կեանքը կը վերածուի մակերերսային երեւոյթի՝ երբ Քրիստոս ճառագայթող ներկայութիւն չէ մեր մտածումներուն, գործերուն եւ կեանքին մէջ»։

Վեհափառ Հայրապետը հոգեւոր խորհրդածութիւնը եզրափակեց՝ ընթերցելով Ժամամուտին՝ Լուսաւորիչին նուիրուած աղօթական բառերով. «ո՜վ հայր մեր եւ Լուսաւորիչ հոգւոց մերոց, աղաչեմք զքեզ միաբան ուխտոյք եկեղեցւոյ քով, զի յաւուրս հրաշալւոյ տօնի քո, յատկապէս բարեխօսիցես առ Քրիստոս Աստուածն մեր, զի զեկեղեցիս եւ զմնացորդս ժողովրդեան քոյ պահեսցէ ի խաղաղութեան՝ փրկելով ի հոգեւոր եւ մարմնաւոր թշնամեաց, զի եւ մեք միշտ զյիշատակս քո կատարելով՝ փառաւորեսցուք զՀայր եւ զՈրդի եւ զՍուրբ Հոգին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2026, 06:47