Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին
Երէկ` չորեքշաբթի, 1 ապրիլ 2026-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզեֆ Աունին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, եւ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեանի:
Հանդիպումէն ետք, վեհափառ հայրապետը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց մամուլին`
«Այցելեցինք Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ նորին վսեմութիւն զօրավար Ժոզեֆ Աունին, մեր համայնքին անունով եւ անձնապէս Մեր զօրակցութիւնը յայտնելու իր եւ իր գլխաւորած կառավարութեան աշխատանքներուն ու կեցուածքներուն համար:
«Արդարեւ, Լիբանանի հողային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան պահպանումը, պետութեան հեղինակութեան ամրացումը, բանակին ներկայութիւնը Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ եւ ազգային միասնականութեան ամուր պահպանումը, մանաւանդ ճակատագրական ներկայ պայմաններուն մէջ, կը նկատենք առաջնահերթ ու հրամայական: Կը հաւատանք, որ ա՛յս է իւրաքանչիւր լիբանանցիի մօտեցումը: Հարկ է հեռու մնալ ներքին զգայնութիւններ յառաջացնող արտայայտութիւններէ եւ բոլորուիլ մեր հայրենիքի գերագոյն ու ընդհանրական շահերուն շուրջ:
«Լիբանանը լուրջ վտանգի դիմաց է: Իսրայէլի մուտքը հարաւային Լիբանան եւ շարունակուող ռմբակոծումներն ու սպանութիւնները խստօրէն դատապարտելի են: Իսրայէլի առած քայլերը կը հակասեն միջազգային օրէնքին: Հետեւաբար, միջազգային համայնքն ու մանաւանդ Լիբանանի բարեկամ երկիրները անտարբեր պէտք չէ մնան իսրայէլեան շարունակուող թշնամական քայլերուն նկատմամբ:
«Գաղթականներու հարցին գծով անհրաժեշտ է ծրագրուած ու հետեւողական մօտեցում ունենալ: Մեծապէս գնահատելի է թէ՛ պետութեան եւ թէ՛ բոլոր համայնքներուն ցուցաբերած յատուկ հոգածութիւնը գաղթականներուն նկատմամբ: Մեր մաղթանքն է, որ կացութիւնը շուտով բարելաւուի եւ անոնք վերադառնան իրենց շրջանները եւ տուները», շեշտեց վեհափառ հայրապետը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ