Որոնել

2021.03.30 Risurrezione, Gesù Cristo risorge,  sepolcro vuoto

«Մեռնի՛մ Յիսուսի Զօրութեան…»

Ո՞ր մէկը աւելի զօրեղ ուժ կը ներկայացնէ, պատերա՞զմը, թէ՞ խաղաղութիւնը: «Երանի՜ անոնց, որոնք խաղաղութեան հաստատման համար կ՛աշխատին, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» (Մտ 5.9): Ահա Յիսուսի իմաստասիրական մօտեցմամբ կատարած եզրակացութիւնը: «Խաղաղասէր» կոչուելէ աւելի ուժեղ՝ «Աստուծոյ որդիներ» կոչման արժանի կը համարէ Յիսուս այն անձերը, որոնք խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ կը յաջողին:

Յարուցեալ Փրկչի հրաշագործ զօրութեամբ համակուած, անոր Սուրբ Յարութեամբ յուսադրուած, ո՛չ միայն ապագային կը նայինք, այլեւ՝ մեր առօրեայ կեանքին:

Տիրոջ մարմինը աւանդական իւղով օծելու համար գերեզման եկած կանայք՝ «Մարիամ Մագդաղենացին եւ միւս Մարիամը» (Հմմտ Մտ 28.1), զարմանքով տեսան փայլակի նմանող լուսազգեստ հրեշտակ մը, որ գերեզմանաքարը տապալելով, անոր վրայ նստեցաւ, Յիսուսի յարութեան աւետիսը անոնց աւետելով: Քահանայապետին հրահանգով գերեզմանին համար նշանակուած պահապանները, կնքուած հսկայ քարին տապալիլը տեսնելով, իրենց վախէն «մեռելի նման եղան», ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը (Հմմտ Մտ 28.4):

Լուսասփիւռ հրեշտակը իւղաբեր կիները ազատեց այն վախէն, որ պահապանները զգացին, եւ ասաց.

 – Դուք մի՛ վախնաք. գիտեմ, որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք: Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր: Եկէք եւ տեսէ՛ք այն տեղը, ուր դրուած էր (Մտ 28.5-6):

Այդ պահուն արտայայտուած խօսքերուն մեծ մասը, բնականաբար, Աւետարանին մէջ չէ՛ արձանագրուած, երբ գրաւոր լեզուն ունի իր արտօնելի սահմանները:

Վստահաբար գերեզմանը այցելող կիները ուրիշ շատ խօսակցական արտայայտութիւններ ունեցան իրենց զգացած վախի բերմամբ, որոնք իրենց առօրեայ լեզուի բառամթերքով արտաբերեցին: Աստուածաշնչի մեկնաբանները շատ յաճախ լայնածիր բացատրութիւններով նոր Աւետարան մը գրած ըլլալու չափ մեկնաբանութիւններ կը կատարեն, անցեալին տեղի ունեցած դէպքերուն մասին ճո՛խ պատմելաոճով:

Յիսուսի Սուրբ Յարութեան տօնի այս օրերուն, երբ աշխարհը պատերազմի օրօրոցին մէջ կ՛օրօրուի, զայն օրօրողներուն հարուածային շարժումներով, քրիստոնեայ աշխարհը իր յոյսը կը կապէ Յիսուսի օգտագործած մտրակին: Ան խստութեամբ հարուածեց, Երուսաղէմի տաճարին մէջ հաստատուած «խաղաղութեան աղաւնի»ի օրօրոցը օրօրողները:

Մեր երիտասարդութենէն մնացած յուշ մը, որ ծերունի մէկ զոյգի արտասանած խօսքն է, կտակ մնացեր է ինծի: Անոնց գիտակցութեամբ յօրինուած սեփական աղօթքի տող մըն է ատիկա, զոր անոնք անվերջ կ՛արտասանէին.

 – Մեռնի՛մ Յիսուսի զօրութեան:

Անոնց զաւակներն ալ սորվեր էին այս կրկնասացութիւնը, եւ յաճախ կ՛երկրորդէին իրենց մեծահասակ ծնողներուն սոյն աղօթաձայն խօսքը. իսկ այժմ, երբ անոնց ծնողները միւս կեանք են փոխադրուէր, եւ իրենք հասեր են հասուն տարիքի, շարունակ կը կրկնեն նոյն բառերը, առ ի յիշատակ հանգուցեալ ծնողաց:

Ներկայ ժամանակներուն, երբ տեղացող ռումբերու պատճառով անմեղ զոհեր վերջնականապէս կը հեռանան այս կեանքէն, անոնց հարազատներուն լացակումած դէմքին վրայ սառած արտայայտութիւն մը կ՛երեւի, հանգուցեալներուն յարութեան յոյսով ամրապնդուած. 

 – Մեռնի՜մ Յիսուսի զօրութեան:

Այո՛, յատկապէս պատերազմական անորոշութիւններու, անապահով կեանքի եւ վախի մթնոլորտին մէջ մարդոց զօրացնող խրախուսական խօսք է ասիկա. «Մեռնիմ Յիսուսի զօրութեան…»: Հայր, մայր, եղբայր, քոյր, զաւակ եւ հարազատներ կորսցնելը հեշտ չէ՛, յատկապէս ռազմական կատաղի, օդային ու այլ արհեստական զէնքերու կրակոցներով, որոնք աշխարհի մէջ նորանոր փորձեր են մարդկութեան թիւը նուազեցնելու, եւ միւս կողմէն, ա՛յլ երկիրներու բնական հարստութիւնները շահարկելու միտող:

Ամէն անձի տրուած չէ՛ խաղաղութիւն հաստատելու շնորհքը: Ատիկա երկնային ուժի միջամտութեան կարիքը ունի, զոր Աստուած խաղաղասէր մարդոց կու տայ: Պատերազմական գործօն արարքներ կիրառողը, եթէ կը կարծէ, թէ խաղաղութեան առաքելութիւն ստանձներ է, կը նմանի կրկէսային բեմերու վրայ կարմիր քիթով, խոշոր կօշիկներով, եւ գունագեղ գլխարկով ցատկռտող, ու բոլորին ծիծաղը յառաջացնող հտպիտի:

Ո՞ր մէկը աւելի զօրեղ ուժ կը ներկայացնէ, պատերա՞զմը, թէ՞ խաղաղութիւնը: «Երանի՜ անոնց, որոնք խաղաղութեան հաստատման համար կ՛աշխատին, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» (Մտ 5.9): Ահա Յիսուսի իմաստասիրական մօտեցմամբ կատարած եզրակացութիւնը: «Խաղաղասէր» կոչուելէ աւելի ուժեղ՝ «Աստուծոյ որդիներ» կոչման արժանի կը համարէ Յիսուս այն անձերը, որոնք խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ կը յաջողին:

Պատերազմով խաղաղութիւն չի՛ հաստատուիր, ինչքան ալ պատերազմի հերոս համարուողները սուր ճօճեն իրենց հակառակորդին գլխուն վերեւ: Ինչքա՜ն նահատակներու ծնողներ ու հարազատներ անէծք պիտի տան անոնց, որոնք պատերազմ սկսեր են, եւ մարդոց սպանդին պատճառ դարձեր: Կարճ ժամանակ յետոյ, ծիծաղի առարկայ պիտի դառնան բոլոր անոնք, որոնք պատերազմ սկսած են, երբ նահատակ հոգիները յաւիտենականութեան հրապարակներուն վրայ պար բռնած, զուարթօրէն հետեւին «մեծափառ» յաղթանակներու աւարտին, մանկամիտ «հերոսներ»ու միջոցով, ցնծութեամբ կազմակերպուած շքերթներուն: Անոնք երբեք յաղթանակի թափօրներ չեն կրնար ըլլալ, նահատակներու արեամբ ներկուած կարմիր պողոտաներու մէջ: Նահատակները, իրենց հողեղէն կեանքին ընթացքին Յիսուսի զօրութեան ապաւինած, ընտանեկան ու համայնքային առօրեային մաս կը կազմէին, իրենց աստուածապարգեւ օրերը ապրելով, վայելելով ընկերային պայմանները:

 – Մեռնի՛մ Աստուծոյ կենդանի Որդիին՝ Յիսուսի զօրութեան…:

Արդարութիւնը յարուցեալ Փրկչի ափին մէջ կը գտնուի, որուն իրազեկ Տէրը, մեծ Դատաստանի օրուան համար կը պահէ ատոր ծանուցումը: Այս յոյսով կը նայինք ապագային, որուն մօտաւոր ըլլալուն մասին կը վկայէ Աւետարանը, երբ կը խօսի պատերազմներու մասին. «Ան որ տանիքն է՝ վար իջնելէ ետք տուն չմտնէ բան մը առնելու համար, եւ ան որ դաշտն է՝ թող ետ չդառնայ վերարկուն առնելու համար…: Այնպիսի՛ մեծ նեղութեան օրեր պիտի գան, որոնց նմանը աշխարհի ստեղծագործութեան սկիզբէն մինչեւ այսօր չէ՛ պատահած, եւ ո՛չ ալ պիտի պատահի: Եթէ Աստուած այդ օրերուն թիւը նուազեցուցած չըլլար՝ ո՛չ մէկը պիտի փրկուէր» (Հմմտ. Մտ 24.17-22):

 Պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն: 

Ահաւասիկ գլխաւոր հարցը, որ Սուրբ Յարութեան այս հրաշափառ տօնին առիթով բոլոր հաւատացեալներուն կ՛ուղղեմ: Խաղաղութեան Իշխանը երկինքէն խրոխտ մարդոց կը նայի, որոնք իրենց ճղճիմ ուժին համար իսկ սնափառ գոռում-գոչումներ կը կատարեն: Խաղաղութեան Իշխանը այս աշխարհի մէջ իր զօրութիւնը շատոնց հաստատեր է, որուն ունեցած առաւելութիւններուն ո՛չ մէկ զէնք, կամ ուժ չի՛ կրնար յաղթել: Զգացե՞ր ես այդ ՈՒԺը:

 – Աղօթքի զօրութիւնն է այդ…:

Աղօթէ՛, ո՛չ թէ պատերազմական դրութիւնը կասեցնելու զօրութիւն հայցելով Երկնաւորէն, այլ որպէսզի Աստուած կրթէ պատերազմ հրահրողները: Դաստիարակութիւնը, բարձրագոյն ուսմամբ տրուող կրթութիւն չէ՛, այլ բարոյական ուսմամբ իրագործուած երկնատուր շնորհք, մարդկութեան միջեւ խղճի հաւասարութիւն սերմանող:

Մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան հրաշափառ տօնին առիթով ողջունենք զիրար եւ սրտբաց ապրումներով ամրապնդենք մեր հաւատքը, ըսելով. «Մեռնի՜մ Յիսուսի զօրութեան»: Անոր զօրեղ միջամտութեամբ թող խաղաղի աշխարհը ներկայ պատերազմական մթնոլորտէն, ընդառաջելով ամէնուս աղօթաձայն աղաչանքին:

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2026, 09:09