Որոնել

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Ռայի Պատրիարքին Եւ Լիբանանի Մէջ Պապական Նուիրակին Հետ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Ռայի Պատրիարքին Եւ Լիբանանի Մէջ Պապական Նուիրակին Հետ 

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Ռայի Պատրիարքին Եւ Լիբանանի Մէջ Պապական Նուիրակին Հետ

Ուրբաթ, 15 մայիս 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ մարոնի եկեղեցւոյ Ռայի պատրիարքին եւ պապական նուիրակ Փաուլօ արք. Պորճիայի հետ: Խորհրդակցութիւններու ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ հայրապետին Վատիկան կատարելիք յառաջիկայ պաշտօնական այցելութեան մանրամասնութիւնները:

Ուրբաթ, 15 մայիս 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ մարոնի եկեղեցւոյ պետ Ռայի պատրիարքին եւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաուլօ արք. Պորճիայի հետ:

Ռայի պատրիարքին հետ քննարկուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ հոգեւոր պետերու յառաջիկայ հանդիպման օրակարգը: Վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահեց պատրիարքը յառաջիկայ օրերուն Վատիկան այցելութեան եւ Լեւոն ԺԴ. պապին եւ շարք մը բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ իր հանդիպումներուն մասին:

Պապական նուիրակին հետ դարձեալ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի այժմու կացութեան ընդհանուր անդրադարձ կատարելէ ետք, խօսակցութեան առանցքը հանդիսացաւ վեհափառ հայրապետին Վատիկան կատարելիք պաշտօնական այցելութիւնը` իր զանազան երեսներով:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2026, 08:00