Որոնել

2026.05.27 Commissione libertà religiosa USA

Ամերիկայի Կրօնական Ազատութեան Յանձնաժողովը կը դատապարտէ հայկական եկեղեցիներու ոչնչացումը

Յանձնաժողովը կը նշէ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները 2025-ին որդեգրած են նոր օրէնսդրութիւն մը, որ խիստ սահմանափակումներ կը դնէ կրօնական ազատութիւններուն վրայ։ «Խիղճի եւ կրօնական դաւանանքի ազատութեան մասին» օրէնքին համաձայն՝ պետութեան կողմէ չարձանագրուած կրօնական գործունէութիւնը կը համարուի անօրինական, իսկ արձանագրուած կազմակերպութիւնները ամբողջովին կը գտնուին պետական վերահսկողութեան տակ։
Ունկնդրէ լուրը

Միացեալ Նահանգներու Կրօնական Ազատութեան Յանձնաժողովը (USCIRF) իր 2026-ի տարեկան տեղեկագիրին մէջ խիստ մտահոգութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի կողմէ հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան դէմ շարունակուող ոտնձգութիւններուն առնչութեամբ։ Տեղեկագիրը, որ կ՛ամփոփէ 2025 թուականի իրադարձութիւնները, կը շեշտէ թէ հայկական եկեղեցիներ, գերեզմանատուներ եւ այլ սրբավայրեր կը շարունակեն ենթարկուիլ ոչնչացման եւ պղծման։

Յանձնաժողովը կը նշէ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները 2025-ին որդեգրած են նոր օրէնսդրութիւն մը, որ խիստ սահմանափակումներ կը դնէ կրօնական ազատութիւններուն վրայ։ «Խիղճի եւ կրօնական դաւանանքի ազատութեան մասին» օրէնքին համաձայն՝ պետութեան կողմէ չարձանագրուած կրօնական գործունէութիւնը կը համարուի անօրինական, իսկ արձանագրուած կազմակերպութիւնները ամբողջովին կը գտնուին պետական վերահսկողութեան տակ։

Տեղեկագիրին մէջ առանձնայատուկ կերպով կը յիշատակուին բռնագրաւուած հայկական բնակավայրերու եւ յարակից շրջաններու պատմական եկեղեցիներն ու վանքերը, որոնք այսօր լուրջ վտանգի տակ կը գտնուին։ Ըստ արբանեակային լուսանկարներու ուսումնասիրութիւններուն՝ 2025-ի յուլիս ամսուան դրութեամբ արձանագրուած են առնուազն ութ ամբողջովին ոչնչացուած եւ տասը վնասուած կրօնական յուշարձաններ։

USCIRF-ը նաեւ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ հայ գերիներու եւ բանտարկեալներու վիճակին վրայ։ Անոնց ընտանիքները հաղորդած են, թէ բանտարկեալներուն արգիլուած է ստանալ կրօնական պարագաներ, ներառեալ Աստուածաշունչ, ինչ որ յանձնաժողովը կը նկատէ կրօնական հիմնարար իրաւունքներու կոպիտ խախտում։

Յանձնաժողովը Ամերիկայի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանը պահելու «Յատուկ հսկողութեան ցուցակ»-ին վրայ՝ կրօնական ազատութիւններու շարունակական եւ ծանր խախտումներուն պատճառով։ Միաժամանակ կը յանձնարարուի պատժամիջոցներ սահմանել այն պատասխանատուներուն դէմ, որոնք ներգրաւուած են այս քաղաքականութեան իրականացման մէջ։

Տեղեկագիրը նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսէն կը պահանջէ աւելի մեծ ճնշում բանեցնել Պաքուի իշխանութիւններուն վրայ, որպէսզի իրականացուին յստակ բարեփոխումներ՝ մարդու իրաւունքներու եւ կրօնական ազատութիւններու պաշտպանութեան ուղղութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2026, 08:30