Փեքինի մէջ Թրամփ-Ճինփինկ դրական հանդիպումէն ետք. Չինաստան իր դռները կը բանայ Ամերիկեան Ընկերութիւններուն առջեւ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ այցելեց Փեքին, ուր Ժողովրդական համագումարներու տան նիստերու դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ:
Նիստերու դահլիճ մուտք գործած են նաեւ քանի մը ամերիկեան յառաջատար ընկերութիւններու, ներառեալ «Թեսլա»-ի եւ «Ափըլ»-ի ղեկավարները: Ըստ «Արապիա»-ի, հանդիպումը երկու ժամ եւ քառորդ տեւած է:
Երկու նախագահները իրենց խօսքերուն մէջ կեդրոնացած են փոխան պառակտումի ամրապնդման վստահութեան կամուրջներ կառուցելուն վրայ:
Թրամփ հանդիպումի ընթացքին նշեց. «Միասնաբար հոյակապ ապագայ մը պիտի ունենանք»:
Սպիտակ տան ղեկավարը գովաբանեց Չինաստանի նախագահը` զայն որակելով «մեծ ղեկավարը»` աւելցնելով. «Երբեմն մարդիկ այս խօսքս չեն սիրեր, սակայն զայն կ՛ըսեմ, որովհետեւ ճշմարտութիւնն է»:
«Ինծի համար պատիւ է ձեզի հետ ըլլալ: Ինծի համար պատիւ է ձեր բարեկամը ըլլալ, եւ Չինաստանի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի լաւ պիտի ըլլայ», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Չինաստանի նախագահը իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնը պէտք է գործընկերութեան վրայ հիմնուած ըլլայ` ընդգծելով, որ Ուաշինկթընն ու Փեքինը միասնաբար յաջողութիւն կ՛արձանագրեն:
Ճինփինկ ըսաւ, որ չին-ամերիկեան յարաբերութիւններու կայունութիւնը ամբողջ աշխարհի համար շահ է, եւ գործակցութիւնը երկու կողմերուն օգտակար է, իսկ դիմակայումը երկուքին ալ վնաս կը պատճառէ:
Ան ըսաւ, որ երկու պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է գործընկերութեան վրայ հիմնուին, եւ երկու պետութիւնները կրնան միասնաբար յաջողութիւն արձանագրել:
«Միշտ ալ հաւատացած եմ, որ Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հասարակաց շահերը մեր տարակարծութիւններէն շատ են, իւրաքանչիւր պետութեան յաջողութիւնը միւսին համար առիթ մըն է, եւ կայուն չին-ամերիկեան յարաբերութիւնը աշխարհի համար օրհնութիւն է:
«Գործակցութիւնը երկու կողմերուն օգուտ կը բերէ, իսկ դիմակայումը անոնց երկուքին ալ կը վնասէ: Պէտք է գործընկերներ ըլլանք, ոչ թէ հակառակորդներ. իրարու օգնենք միասնաբար յաջողելու եւ բարգաւաճելու համար: Ուստի, նոր ուղի մը կը բանանք, այս նոր ժամանակաշրջանին մէջ մեծ տէրութիւններու փոխյարաբերութեան իտէալական ձեւի համար», աւելցուց Չինաստանի նախագահը:
Ճինփինկ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ու ամերիկեան ընկերութիւններու պետերուն եւ գործարարներուն հետ իր ժողովի ընթացքին խոստացաւ ընդլայնել հասանելիութեան ծիրը` աւելցնելով, որ Փեքին իր դռները լայն պիտի բանայ այդ ընկերութիւններուն դիմաց, որոնք երկրին մէջ աւելի լայն կարելիութիւններ պիտի ունենան:
Չինաստանի նախագահը ըսաւ, որ իր երկիրն ու Միացեալ Նահանգները պէտք է աշխատանք տանին պահպանելու յարաբերութիւններու դրական թափը` աւելցնելով, որ ինք աշխատանք պիտի տանի առեւտուրի, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան, երկրագործութեան եւ օրէնքի կիրարկման մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցութեան ամրապնդման համար:
Ճինփինկ աւելցուց, որ պիտի աշխուժացնէ Միացեալ Նահանգներու հետ քաղաքական ու զինուորական հաղորդակցութիւնը:
Չինաստանի նախագահը, սակայն, նաեւ Թրամփին զգուշացուց. «Թայուանի հարցը չին-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ կարեւորագոյն հարցն է: Եթէ անոր նկատմամբ սխալ մօտեցում ցուցաբերուի, երկու երկիրները բախում կ՛ունենան կամ նոյնիսկ հակամարտութեան մէջ կը մտնեն, ինչ որ ամբողջ չին-ամերիկեան յարաբերութիւնը վտանգաւոր կացութեան կ՛առաջնորդէ»:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Քու Ճիա Քուն աւելի ուշ յայտնեց, որ Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները շրջանային ու միջազգային շարք մը հարցերու շուրջ տեսակէտներու փոխանակում կատարած են` անհրաժեշտ նկատելով Փեքինի եւ Ուաշինկթընի միջեւ կայուն ու ռազմավարական յարաբերութիւններու կառուցումը:
Ան աւելցուց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները կրնան ազդուիլ Թայուանի թղթածրարին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու մօտեցման ձեւէն:
Ան Թայուանի հարցը նկատեց չին-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ «կարեւորագոյն որոշիչը»:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը շեշտեց, որ Թայուանին ամերիկեան զէնքեր ծախելը մերժող Չինաստանի դիրքորոշումը «հաստատ է եւ չէ փոխուած»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Չինաստանի նախագահին հետ իր բանակցութիւնները դրական ու շինիչ էին` նշելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու ստեղծումէն մինչեւ այսօր կը զարգանան:
Թրամփ Շի Ճինփինկի իր պատուին հրաւիրած ընթրիքի ընթացքին նշեց. «Չինաստանի նախագահը հոյակապ բարեկամ է, եւ աննախադէպ ընդունելութեան արժանացայ»:
«Առիթ մը ունինք ստեղծելու ապագայ մը, ուր Չինաստանի հետ աւելի մեծ գործակցութիւն եւ բարգաւաճում կը տիրէ», ըսաւ ան:
Թրամփ նաեւ Չինաստանի նախագահը հրաւիրեց 24 սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգներ այցելելու:
Ճինփինկ իր կարգին նշեց, որ Չինաստանի զարթօնքն ու «Ամերիկան անգամ մը եւս մեծ դարձնենք» նշանաբանը կրնան ձեռք-ձեռքի ընթանալ, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին իր երկիր այցելութիւնը նկատեց պատմական:
«Միացեալ Նահանգներն ու Չինաստանը գործակցութենէն կ՛օգտուին եւ դիմակայումէն կը կորսնցնեն» շեշտեց ան` աւելցնելով. «Երկու երկիրները միասնաբար կրնան իրարու օգնել դէպի աւելի լաւ յառաջ ընթանալու»:
«Չինաստանն ու Միացեալ Նահանգները պէտք է գործընկերներ դառնան եւ ոչ թէ հակառակորդներ», դարձեալ կրկնեց Չինաստանի նախագահը:
Միւս կողմէ` Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքոթ Պեսենթ «Սի.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Չինաստան պիտի օգտուի Հորմուզի նեղուցի բացումէն, եւ այն կարծիքը յայտնեց, որ Փեքին իր առաւելագոյն ջանքը պիտի թափէ ջրային միջանցքի բացման համար:
«Կը կարծեմ, որ քուլիսներու ետին պիտի գործեն որեւէ կողմի հետ, որ իրանեան ղեկավարութեան վրայ ազդեցութիւն ունի», նշեց Պեսենթ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ իր կարգին «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Չինաստան հաստատեց, որ Հորմուզի նեղուցի ռազմականացման չի զօրակցիր, եւ տուրքերու համակարգի պարտադրման չի զօրակցիր: Ասիկա նաեւ մեր դիրքորոշումն է»:
Ան ըսաւ, որ Թրամփ իր չին պաշտօնակիցին հետ արծարծած է Իրանի հարցը:
«Չինաստանի օգնութիւնը չենք խնդրեր, որովհետեւ անոր օգնութեան կարիքը չունինք», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ