Փութին 19-20 մայիսին Չինաստան պիտի այցելէ
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 19-20 մայիսին Չինաստան պիտի այցելէ: Այս մասին հաղորդեց Քրեմլին:
Այցելութիւնը կը կատարուի երկու երկիրներուն միջեւ Բարիդրացնութեան, բարեկամութեան եւ համագործակցութեան մասին պայմանագիրի ստորագրման 25-ամեակին առիթով:
Քրեմլինի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Փութին եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ պիտի քննարկեն երկկողմանի յարաբերութիւններու հարցեր, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ գործընկերութեան եւ ռազմավարական համագործակցութեան հետագայ խորացման ուղիները, միտքեր պիտի փոխանակեն միջազգային եւ շրջանային հիմնախնդիրներու շուրջ:
Բանակցութիւններու աւարտին երկու պետութիւններու ղեկավարները պիտի ստորագրեն միացեալ յայտարարութիւն եւ այլ փաստաթուղթեր:
«Սաութ Չայնա Մոռնինկ Փոսթ» օրաթերթը մէկ օր առաջ վկայակոչելով իր աղբիւրները հաղորդած էր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Չինաստան միօրեայ այցելութիւնը կը նախատեսուի 20 մայիսին: Քրեմլին իր կարգին յայտարարեց. «Փութին կը յուսայ Ճինփինկի հետ Թրամփի Չինաստան այցելութիւնը քննարկել»:
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ Փեքին այցելած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ