Որոնել

2026.05.23 Giocatori del Sardarabad

«Սարդարապատ» Խումբը բարձրացաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգ

Արարատ լերան շուքին տակ գտնուող «Սարդարապատ»ը որդեգրած է «Ծնուած Յաղթանակից» նշանաբանը: Անոր գլխաւոր եւ 3120 նստատեղի ունեցող մարզադաշտին եւ յարակից այլ դաշտերուն վրայ կը մարզուին զանազան տարիքի տղոց 17 եւ աղջիկներու երկու խումբեր, Հայաստանի ֆութպոլի ապագայ աստղերը պատրաստելու եւ խումբը եւրոպական մրցաշարքերու հասցնելու ատակ մարզիկներ մէջտեղ բերելու նպատակով:

Արմաւիրի «Սարդարապատ» ֆութպոլի խումբը պատմական յաջողութեան հասաւ եւ ակումբի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով բարձրացաւ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգ` «Փրեմիեր լիկ»:

Ա. դասակարգի (Բ. դասակարգ Հայաստանի մէջ) նախավերջին հանգրուանին, «Սարդարապատ» 2-1 արդիւնքով յաղթեց իր անմիջական մրցակից «Սիւնիք»ին եւ կէտերու առաւելութիւնը բարձրացուց 9ի, ապահովելով դասակարգին ախոյեանի տիտղոսը։

Հանդիպումի գլխաւոր հերոսներն էին «Սարդարապատ»ի յառաջապահ զոյգը` Համլեթ Մինասեան եւ Լեւոն Վարդանեան, որոնք եղած են Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականի անդամներ: Մինասեան յատկապէս շատ լաւ եղանակ մը կը բոլորէ եւ արդէն իսկ նշանակած է 28 կօլ: Վարդանեան 18 կօլ նշանակած է:

Այսպիսով, Արմաւիրը յաջորդ տարեշրջանին ներկայացուցիչ պիտի ունենայ հայկական ֆութպոլի լաւագոյններու կողքին, իսկ «Սարդարապատ»ը նոր էջ բացաւ իր պատմութեան մէջ:

Նշենք, որ «Սարդարապատ»ը հիմնուած էր 2021ին` ֆրանսահայ իրաւաբան Սեւան Քարեանի նախաձեռնութեամբ։ Քարեան, որ կը ներկայացնէ ֆրանսացի աստղ Անթուան Կրիզմընի նման մարզիկներ, Արմաւիրի մէջ այդպիսի ակումբ մը հիմնելու իր նպատակին հասած է՝ համագործակցելով «Էմպըր Քեփիթըլ»ի եւ ֆրանսական «Լենս» ֆութպոլի ակումբէն գործարար Ճոզէֆ Ուղուրլեանի, «Մոտերնա»էն Նուպար Աֆէյեանի, «Սըրվիս Թայթըն»էն Արա Մահսէրէճեանի եւ այլոց հետ:

Արարատ լերան շուքին տակ գտնուող «Սարդարապատ»ը որդեգրած է «Ծնուած Յաղթանակից» նշանաբանը: Անոր գլխաւոր եւ 3120 նստատեղի ունեցող մարզադաշտին եւ յարակից այլ դաշտերուն վրայ կը մարզուին զանազան տարիքի տղոց 17 եւ աղջիկներու երկու խումբեր, Հայաստանի ֆութպոլի ապագայ աստղերը պատրաստելու եւ խումբը եւրոպական մրցաշարքերու հասցնելու ատակ մարզիկներ մէջտեղ բերելու նպատակով:

Ակումբին շուրջ 40 արհեստավարժ մարզիչները կը մարզեն մօտաւորապէս 500 մարզիկներ, որոնք մեծապէս կ՛օգտուին նաեւ ֆրանսական «Լենս» եւ սպանական «Աթլեթիքօ Մատրիտ» ֆութպոլի ակումբներուն հետ «Սարդարապատ»ին կնքած համագործակցութեան համաձայնութիւններէն:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2026, 10:42