Որոնել

LEBANON-ISRAEL-IRAN-US-WAR

Լիբանան-Իսրայէլ զինադադարը 45 օրով երկարաձգուեցաւ

Հաղորդագրութեան համաձայն, քաղաքական բանակցութիւնները պիտի շարունակուին 2 եւ 3 յունիսին, մինչ ապահովական հոլովոյթը պիտի սկսի 29 մայիսին Փենթակոնի մէջ՝ լիբանանեան եւ իսրայէլեան զինուորական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ գործող զինադադարը եւս 45 օրով երկարաձգուած է՝ բանակցութիւններուն շարունակութիւնը եւ նոր յառաջընթաց ապահովելու նպատակով։ Որոշումը տրուեցաւ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած երկօրեայ բանակցութիւններէն ետք։

Հաղորդագրութեան համաձայն, քաղաքական բանակցութիւնները պիտի շարունակուին 2 եւ 3 յունիսին, մինչ ապահովական հոլովոյթը պիտի սկսի 29 մայիսին Փենթակոնի մէջ՝ լիբանանեան եւ իսրայէլեան զինուորական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ։

Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպան Եխիէլ Լէյթըր յայտնեց, թէ քննարկումները «անկեղծ եւ շինիչ» էին, եւ շեշտեց, որ կողմերը առաջնահերթ կը նկատեն քաղաքացիներու եւ զինուորներու անվտանգութիւնը։

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը իր կարգին ընդգծեց, որ բանակցութիւններուն ընթացքին դիւանագիտական շօշափելի յառաջընթաց արձանագրուած է։ Ան վերահաստատեց Լիբանանի յանձնառութիւնը՝ պաշտպանելու ազգային գերիշխանութիւնը, ապահովելու տեղահանուածներու վերադարձը, կալանաւորներու ազատ արձակումը եւ հարաւային շրջաններու վերաշինութիւնը։

Պատուիրակութիւնը նաեւ շեշտեց, որ Լիբանանի նպատակը ներկայ զինադադարը վերածելն է տեւական եւ համապարփակ խաղաղ համաձայնութեան մը, որ պիտի երաշխաւորէ երկրի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը։

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2026, 08:49