Որոնել

Հորմուզի նեղուցը, Նաւ Հորմուզի նեղուցը, Նաւ 

Թրամփ. «Իրանի հետ բանակցութիւններու վերջին փուլերուն մէջ ենք»

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է Իրանի հետ բանակցութիւններու վերջին փուլին մէջ գտնուելու մասին՝ շեշտելով, որ պատժամիջոցները պիտի չչեղարկուին մինչեւ համաձայնագիրի ստորագրումը, իսկ իրանական կողմը հաստատած է ամերիկեան առաջարկներու ստացումն ու քննարկումը: Միեւնոյն ժամանակ, միջնորդական ջանքերուն միացած է Փաքիստանի բանակի հրամանատարը, թէեւ գործընթացը կը բարդանայ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Մոջթաբա Խամենէիի՝ հարստացուած իւրանիոմը պահպանելու հրամանով եւ երկրին մէջ կարծր դիրքորոշում ունեցող պաշտօնատա

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իրանի հետ բանակցութիւններու վերջին փուլերուն մէջ ենք»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 15-րդ կայանը:

Ան աւելի ուշ ալ յայտնեց. «Եթէ Իրանէն 100 առ հարիւրով ճիշդ պատասխաններ ստանանք, բաւական ժամանակ, ջանք եւ կեանքեր պիտի խնայենք: Հարցերը կրնան շատ արագ ընթանալ կամ կրնան քանի մը օր տեւել, սակայն նաեւ չափազանց արագ կրնան աւարտիլ»:

«Եթէ կարողացանք որոշումը քանի մը օրով յետաձգելով Իրանի մէջ պատերազմէ եւ սպանութենէ խուսափիլ, այդ մէկը պիտի ընեմ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Իրանը պարտուած պետութիւն է, կը յուսամ անոր հետ համաձայնութիւն գոյացնել, եւ ատիկա բոլորին համար շատ հոյակապ պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:

«Քարիւղի ոլորտին մէջ Իրանին պատժամիջոցներէ որեւէ զերծ կացեցում պիտի չտրամադրեմ մինչեւ որ համաձայնութիւնը ստորագրէ, եւ այդպիսի առաջարկ մը չներկայացուցինք», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Եթէ Իրանէն ճիշդ պատասխաններ չստանանք, հարցերը չափազանց արագ պիտի ընթանան, եւ մենք բոլորս պատրաստ ենք գործի լծուելու», շեշտեց Թրամփ:

«Իրանի մէջ խելացի եւ տաղանդաւոր անձեր կան, եւ կը յուսամ երկու կողմերուն համար ալ լաւ գործարք մը կը կնքեն», ըսաւ ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի իրանեան «Նուր Նիուզ» կայքին յայտնեց. «Ամերիկեան կողմէն տեսակէտներ ստացանք եւ զանոնք կը սերտենք»:

«14 կէտերէ բաղկացած մեր առաջարկին շուրջ շարք մը առիթներով նամակներու փոխանակում կատարեցինք», ըսաւ Պաղայի:

Փորձագէտներ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնած են, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Ահմետ Ուահիտի Միացեալ Նահանգներու հետ պատերազմին վերջ տալու բանակցութիւններուն մէջ իրանեան կարծր դիրքորոշման մշակման մէջ առանցքային անձնաւորութեան վերածուած է, մաս կը կազմէ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Մոջթաբա Խամենէիի հետ ուղղակի կապի մէջ եղող փոքրաթիւ շրջանակին, եւ անոր դերը կը բարդացնէ Իրանի հետ համաձայնութիւն գոյացնելու Միացեալ Նահանգներու ջանքերը:

Փաքիստանի ներքին գործոց նախարար Մոհսեն Նաքուի երէկ այցելեց Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ:

Նաքուի նաեւ երկու անգամ հանդիպում ունեցաւ Իրանի ներքին գործոց նախարար, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամ Իսքանտար Մումինիի հետ:

Նախքան այդ, իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ փաքիստանեան բանակի հրամանատար զօր. Ասեմ Մունիր «այսօր Թեհրան պիտի այցելէ իրանցի պաշտօնատարներուն հետ բանակցութիւններու համար»` աւելցնելով. «Փաքիստանեան բանակի հրամանատարի Թեհրան այցելութիւնը մաս կը կազմէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ միջնորդութեան ջանքերուն»:

Դիւանագիտական աղբիւր մը «Հատաս»-ին յայտնեց. «Փաքիստանեան բանակի հրամանատարին Թեհրան այցելութիւնը կապ ունի համաձայնութեան շրջագիծի գոյացման հետ»:

Երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Մոջթաբա Խամենէի հրամայած է երկրին մէջ պահել հիւլէական զէնքերուն մէջ օգտագործուող իւրանիոմին մօտ եղող աստիճանով հարստացուած իւրանիոմը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2026, 07:00