Որոնել

Օման, Իրան, Ամերիկա, Իսրայէլ, պատերազմ Օման, Իրան, Ամերիկա, Իսրայէլ, պատերազմ  (AFP or licensors)

Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան փոխադարձ յարձակումներ կը գործեն եւ զիրար կ՛ամբաստանեն զինադադարի խախտման մէջ

Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը փոխադարձ օդային յարձակումներ իրականացուցին եւ իրար մեղադրեցին զինադադարի համաձայնութիւնը խախտելու մէջ՝ լարելով շրջանի անվտանգային իրավիճակը։

Միացեալ Նահանգներ Իրանի վրայ նոր օդային յարձակումներ գործեցին` յայտնելով, որ անոնք հակադարձութիւն են շաբաթ օր Հորմուզի նեղուցին մէջ Փանամայի դրօշը բարձրացուցած նաւու մը վրայ անօդաչու թռչող սարքի մը յարձակումին:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հակադարձելով յայտարարեց, թէ հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր արձակած է Քուէյթի ու Պահրէյնի մէջ գտնուող ամերիկեան ենթակառոյցներու վրայ:

Երկու երկիրները զիրար ամբաստանեցին զինադադարի համաձայնութիւնը խախտելու յանցանքով:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

29/06/2026, 09:52