Լիբանանի պատերազմը կը սպառնայ ոչ միայն մարդկային կեանքերուն, այլեւ հազարամեայ մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Հարաւային Լիբանանի մէջ շարունակուող պատերազմը ոչ միայն մարդկային կորուստներ եւ քաղաքներու աւերում կը պատճառէ, այլ նաեւ ծանր հարուած կը հասցնէ երկրի անգնահատելի հնագիտական, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան։ Տիւրէն մինչեւ Շամաայի բերդաքաղաքը եւ Պոֆորի (Beaufort) ամրոցը, պատմական վայրերը կը գտնուին անմիջական վտանգի տակ, իսկ մասնագէտները կը զգուշացնեն, թէ վտանգուած է երեք հազարամեակէ աւելի պատմութիւն կրող յիշողութիւնը։
Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան հնագիտական եւ պատմական վայրերու պատասխանատու Սամար Քարամ կը նկարագրէ Տիւրի ողբերգական վիճակը։ Փիւնիկեան քաղաքակրթութեան այս հնագոյն քաղաքը, որ ՅՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած է, 2024-էն ի վեր, իսկ մասնաւորաբար 2026-ի պատերազմական սրացումէն ետք, բազմիցս ենթարկուած է հարուածներու։ Անոր համաձայն՝ ռմբակոծութիւնները լրջօրէն վնասած են թէ՛ հնագիտական կառոյցները եւ թէ՛ քաղաքային պատմական միջավայրը՝ վտանգելով յուշարձաններու ամբողջականութիւնն ու իսկականութիւնը։
Անգնահատելի կոթողներու կործանումը
Ամէնէն ծանր վնասները արձանագրուած են Տիւրի Ալ-Պաս հնագիտական համալիրին մէջ, ուր յունիս 7-ի հրթիռակոծութեան հետեւանքով կործանուած են հռոմէական սիւներ ու խոյակներ, ջախջախուած են խճանկարներ եւ անգին հնագիտական գտածոներ։
«Biladi» կազմակերպութեան «Մշակութային արտակարգ արձագանգ» ծրագրի համակարգող, հնագէտ եւ լրագրող Ժոան Ֆարխախ Պաժալիի խօսքով, մշակութային ժառանգութեան դէմ այս հարուածները կը համարժէքցուին մարդկային կեանքի կորստեան։ Ան կը յիշէ այն պայթումը, որուն ուժգին ցնցումը օդ բարձրացուց մատուռի սիւնի պսակը՝ զայն տասնեակ մեթրեր հեռու նետելով եւ փոշիացնելով։ «Երբ այսպիսի ժառանգութիւն մը կործանուի, այլեւս անկարելի է զայն իսկապէս վերականգնել»,– կը շեշտէ ան։
Շամաա. պատմութեան եւ հաւատքի կեդրոնը վտանգի մէջ
Տիւրէն շուրջ քսան քիլոմեթր հեռու գտնուող Շամաայի բերդաքաղաքը նոյնպէս ծանր վնասներ կրած է։ Սահմանամերձ այս ռազմավարական բարձունքը, ուր դարեր շարունակ խաչակիրներ, մամլուքներ եւ օսմանեան իշխանութիւնները վերահսկած են շրջանը, բազմիցս ենթարկուած է յարձակումներու։ Այս տարուան ապրիլ 12-ին ամբողջութեամբ ոչնչացած են սրբավայրը եւ անոր մինարէթը։ Աւելի մտահոգիչ է այն հանգամանքը, որ տարածքը այժմ կը գտնուի իսրայէլեան բանակի վերահսկողութեան տակ, ինչ որ անհնար կը դարձնէ անկախ գնահատումն ու շտապ պահպանական աշխատանքները։
Ֆարխախ Պաժալին կը նշէ, որ Շամաայի միջնաբերդին մէջ գտնուող Սուրբ Պետրոսին նուիրուած սրբավայրը բացառիկ նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ դարեր շարունակ սուրբ վայր եղած էր թէ՛ քրիստոնեաներուն եւ թէ՛ շիի ու սիւննի մահմետականներուն համար։ Սակայն այդ սրբավայրը ամբողջութեամբ ջնջուած է հրթիռներու հարուածներով։
Պատահակա՞ն, թէ նպատակային հարուածներ
Հնագէտը համոզուած է, որ մշակութային ժառանգութեան դէմ այս հարուածները պատահական «կողմնակի վնասներ» չեն, այլ նպատակային ոչնչացման քաղաքականութեան հետեւանք։ Ան կը նշէ, որ ոչ միայն հնագիտական վայրերը, այլեւ հարաւային Լիբանանի պատմական գիւղերը եւ անոնց յուշարձանները հետեւողականօրէն կը ոչնչացուին։
Պոֆորի ամրոցն ալ վտանգուած է
Նոյն մտահոգութիւնը կը վերաբերի նաեւ Պոֆորի կամ Քալաաթ ալ-Շաքիֆ ամրոցին, որ XII դարուն կառուցուած խաչակիրներու նշանաւոր բերդերէն մէկն է։ Մայիսին տարածքը անցած է իսրայէլեան ուժերու վերահսկողութեան տակ, իսկ շարունակուող ռազմական գործողութիւնները նոր վնասներ կը պատճառեն պատմական կառոյցին։ Սամար Քարամ կը յիշեցնէ, որ այս իրողութիւնը լուրջ հարցադրումներ կը յառաջացնէ զինուած հակամարտութիւններու ընթացքին մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի նկատմամբ յարգանքի մասին։
Եկեղեցիներ եւ մզկիթներ՝ պատերազմի զոհ
Պատերազմէն անմասն չեն մնացած նաեւ Լիբանանի կրօնական կոթողները։ Վնասուած կամ ամբողջութեամբ կործանուած են տասնեակ մզկիթներ եւ եկեղեցիներ՝ սկսեալ Նապի Շուայպի պատմական մզկիթէն մինչեւ Պաալպէքի շրջանի մարոնի, ուղղափառ եւ կաթողիկէ համայնքներու պատմական եկեղեցիները։ Այս ցանկը, ըստ լիբանանցի մասնագէտներուն, շարունակաբար կ'երկարի։
Անջնջելի կորուստ մարդկութեան համար
Այսօր Լիբանանի պատերազմը ոչ միայն մարդկային ողբերգութիւն է, այլեւ անփոխարինելի քաղաքակրթական ժառանգութեան դէմ հարուած։ Իւրաքանչիւր կործանուած սիւն, խճանկար, եկեղեցի կամ մզկիթ կը նշանակէ պատմութեան մէկ էջի անդառնալի կորուստ՝ զրկելով ապագայ սերունդները հազարամեակներու յիշողութենէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.